
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի հանրային առողջապահութեան թեւը հանդիսացող Միջազգային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը (WHO) հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտարարեց, որ Հալէպ քաղաքի արեւելեան մասին եւ նահանգի գիւղական շրջաններուն դեղորայք ու բժշկական օժանդակութիւն տրամադրած է՝ գործակցութեամբ Սուրիական Կարմիր մահիկին եւ տեղական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու:
Կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ այդ մատակարարումները ուղարկուած են Դամասկոսէն, եւ կազմակերպութիւնը հիւանդանոցներուն կ՛օժանդակէ՝ շաքարախտէ եւ արեան գերճնշումէ տառապողներուն դարմանում ապահովելու համար, նշելով, որ Հալէպ նահանգին մէջ կը շարունակեն գործել միայն չորս հիւանդանոցներ, 11 հիւանդանոցներ վնասներ կրած են, իսկ 5 ուրիշներ՝ քանդուած: