ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի Քաղաքապոետական խորհուրդը Երեքշաբթի, 24 Փետրուարին, միաձայնութեամբ հաստատեց որոշում մը, ըստ որուն քաղաքապետարանը պիտճէ պիտի տրամադրէ՝ հոգալու համար Ապրիլեան երկու կարեւոր ձեռնարկներու ծախսերը:
Որոշման նախագիծի հեղինակներն են՝ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլ Գրիգորեան, Փօլ Քորեց եւ Միչ Օ՛Ֆարըլ: Երկու ձճռնարկները, որոնք պիտի ստանան քաղաքապետարանի նիւթական օժանդակութիւնը Ապրիլ 24ի «Քայլարշաւ յանուն արդարութեան» երթն է՝ Փոքրիկ Հայաստանէն սկսող ու թրքական հիւպատոսարան աւարտող, եւ «Ամերիկա, շնորհակալ ենք քեզի» ցուցահանդէսը, որ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի կեդրոնական գրադարանին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.