Ըստ «Ակօս» թերթին՝ ձերբակալութիւնը իրականացուցած է Անգարայի ապահովութեան վարչութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքը: Աքիւրեք պիտի տեղափոխուի Պոլիս։
Նշենք, որ Տինքի սպանութենէն ետք, Աքիւրեք պաշտօնի բարձրացում ստանալով՝ դարձած էր Թուրքիոյ ոստիկանութեան գաղտնի սպասարկութեան պետ։ Ան այդ պաշտօնին վրայ մնացած էր մինչեւ անցեալ Դեկտեմբեր, երբ Կիւլենի շարժումին մօտիկ նկատուղ շարք մը այլ պաշտօնատարներու հետ հեռացուած էր իր պաշտօնէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.