– Մինչ Չինաստանի իւրաքանչիւր 1000 քաղաքացիէն 1.2ը բանտարկուած է, Ռուսիոյ մէջ այդ համեմատութիւնը 4.8ի կը բարձրանայ, իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ Լուիզիանա նահագնին մէջ, յաջորդաբար՝ 7.3ի ու 13.4ի։
– Յորդանան եւ Իսրայէլ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ Մեռեալ ծովուն ջուրը պիտի զտուի, որպէսզի Իսրայէլի Արապա շրջանին եւ Յորդանանի Աքապա շրջանին ըմպելի ջուր ապահովուի: Իսրայէլի միջազգային համագործակցութեան նախարար Սիլվան Շալոմ, որ համաձայնութիւնը ստորագրեց իր յորդանանցի պաշտօնակիցին եւ Իսրայէլի ու Յորդանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչներուն ներկայութեան, սոյն համաձայնագիրը նկատեց «պատմական եւ Յորդանանի հետ խաղաղութեան համաձայնութենէն ի վեր՝ կարեւորագոյնը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.