ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան «Իսլամական պետութեան» դէմ դնելու հասարակաց շահ ունին, նոյնիսկ եթէ այդ խմբաւորման դէմ զինուորական համակարգում չկատարեն: «Մենք առնուազն հասարակաց շահ ունինք, սակայն՝ ոչ գործակցութիւն», ըսաւ ան:
Քերի ըսաւ նաեւ, որ Իրան յարգած է Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ իր կատարած խոստումները եւ նշեց. «Մենք բանակցելու այս արկածախնդրութիւնը ընդունեցինք՝ տեսնելու համար, թէ այս հարցը դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու կարելիութիւն կա՞յ, թէ ոչ։ Իրանի հետ բանակցութիւնները կ՛արժէ շարունակել՝ նախքան խիստ միջոցառումներու դիմելը»:
Քերի նաեւ յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու թերեւս կը սխալի՝ նշելով, որ վերջինս գնահատական մը ունի, թէ այս հարցին մէջ ճիշդ չէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.