
ՔՈՍԹԱ ՄԵՍԱ.- Քոսթա Մեսայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կառուցուած Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յուշարձանի օծումը տեղի պիտի ունեայ Կիրակի, Մարտ 8ին, յաւարտ Ս. պատարագի, ձեռամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի։
Նոյն օրը յետմիջօրէին, ժամը 4էն սկսեալ, ոգեկոչման հանրային ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ «Օրենճ Քոս»չ համայնքային քոլեճի «Ռապըրթ Մուր» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման միացեալ մարմինին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (949)650-8367 թիւին կամ www.stmaryarmenianchurch.com հասցէին։