
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Այս տարի, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 45ամեակը, ուստի վարժարանի տարեկան ձեռնարկը նուիրուած պիտի ըլլայ այս հպարտալի առիթին։
Վարժարանի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Տաղլեան» սրահին մէջ եւ առիթ պիտի հանդիսանայ մեծարելու տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք համայնքին մէջ յարգուած անդամներ ըլլալու կողքին, վարժարանի հպարտ ծնողներ են ու 45ամեակի տօնակատարութեան հովանաւորները։
Տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները ծանօթ են իրենց բարեսիրական գործերով եւ միշտ նեցուկ կանգնած են վարժարանին ու շրջանի հայ համայնքին։
Վարանդ Մելքոնեան յաջողակ գործարար մըն է, որ ճանչցուած ու յարգուած անձնաւորութիւն դարձած է գործարար շրջանակներէն ներս, իսկ Հուրի Մելքոնեան գործօն անդամ է համայնքէն ներս, նաեւ վարժարանի Ծնողաօժանդակ մարմինի անդամ է եւ ստանձնած է 45ամեակի տօնակատարութեան Կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետութիւնը՝ Լուսին Քարճեանի կողքին։
«Մեզի համար մեծ պատիւ է վարժարանի ընտանիքին մէջ ունենալ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն նման նուիրեալ անձնաւորութիւններ, որոնք միշտ պատրաստ են նպաստելու վարժարանի բարելաւման ջանքերուն։ Մենք այսպիսի բարեսիրութիւն կը սորվեցնենք մեր աշակերտներուն, որպէսզի իրենք եւս զգան աւելի մեծ մարմինի մը մէկ մասնիկը դառնալու արժէքը», կը յայտնէ վարժարանի տնօրէն դոկտ. Ալինէ Դուրեան։