ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Երեքշաբթի, Մարտ 10ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Վասպուրական» սրահէն ներս (51 Commonwealth Ave.), Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ մօր պատմութեան նուիրուած «Like Water on Stone» վէպի հեղինակ դոկտ. Տանա Ուալրեթ պիտի ներկայացնէ պատանիներու համար գրուած այս գործը։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրին ու Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին համագործակցութեամբ։
Դոկտ. Տանա Ուալրեթ, որ նաեւ արուեստագէտ եւ մարդաբան է ու կը դասախօսէ Վըրմանթի համալսարանի բժշկական բաժանմունքին մէջ, պիտի խօսի նաեւ Հայաստանի մէջ իբրեւ «Ֆուլպրայ»չ մտաւորական իր անցուցած տարուան ու 1984ին Պատմական Հայաստան կատարած իր այցելութեան փորձառութեանց մասին։
Հատորը Հայաստանի մէջ շարժապատկերի վերածելու աշխատանքը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է, նպատակ ունենալով զայն ցուցադրել այս տարուան Ապրիլին, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել info@genocideeducation.org հասցէին կամ (415) 264-4203 թիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.