
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատունը հանրութիւնը կը հրաւիրէ հանդիպելու հեղինակ Մարինէ Պետրոսեանի հետ, անոր «Ատրճանակը Կրակեց» գիրքի հրատարակութեան առիթով, Երեքշաբթի, Մարտ 10ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Գիրքը պիտի ներկայացնէ Անահիտ Արամունի Քէշիշեանը: Ընթացքին պիտի հնչեն բանաստեղծութիւններ՝ «Ատրճանակը Կրակեց» (2014), «Սալաթ Կրակոցներով» (2011), «Հայաստանի Ծովափին» (2006) եւ «Կանոնական Պատմութիւններ» (1998) գիրքերէն, ինչպէս նաեւ հատուած մը «Կարմիր Աֆիշ» (2011) գիրքէն, ուր հիմնականին մէջ տեղ գտած են «Հայկական Ժամանակ» թերթին մէջ 2007-2008 թուականներուն հրապարակուած յօդուածներ:
«Ատրճանակը Կրակեց» գիրքը կը բովանդակէ Մարինէ Պետրոսեանի վերջին շրջանի բանաստեղծութիւները՝ գրուած 2011-2014 թուականներուն: Անոնց մէջ կայ այսօրուան Հայաստանի փոթորկոտ ներկան՝ անակնկալ ձեւերով միախառնուած հեղինակի անձնական ապրումներուն:
Մարինէ Պետրոսեան բանաստեղծական եօթը գիրքի հեղինակ է. անոնցմէ երկուքը թարգմանուած եւ հրատարակուած են Ֆրանսայի մէջ: «Կարմիր Աֆիշ»ին մէջ հաւաքուած են Պետրոսեանի յօդուածները՝ հանրային եւ քաղաքական նիւթերով, որոնք մեծ թիւով ընթերցող ունին Հայաստանի մէջ, Պետրոսեանը դարձնելով հանրային դէմք: Պետրոսեանի գրութիւններն ու պատկեռասփիւռային ելոյթները բանավէճեր կը ստեղծեն Հայաստանի մէջ: Պետրոսեան Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի՝ որպէս «Writers Omi International Residency»ի «Ledig House» կացատան հիւր, եւ Լոս Անճելըս եկած է սփիւռքահայ ընթերցողին հետ հանդիպելու համար:
Ներկայացումը կազմակերպուած է «Ապրիլ» գրատան կողմէ, որուն հասցէն է՝ 415 E. Broadway։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել «Ապրիլ» գրատուն՝ (818) 243-4112 թիւով, կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։