ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– 2014ին Սփիւռքի դպրոցներուն ուսումնական գրականութեան եւ ուսումնաօժանդակ նիւթերու տրամադրման ծրագիրի իրականացման համար տարուան սկիզբը ուսումնասիրուած է Սփիւռքի դպրոցներուն անհրաժեշտ դասագիրքեր, ուսումնական, մեթոտական տետրակներ, մանկական գրականութիւն, արտադասարանական օգտագործման, ուսումնաօժանդակ նիւթեր, որոնց հիման վրայ կազմուած է գիրքերու ցանկը:
Սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ գաղութներուն, կրթօճախներուն հետ աշխատանքի իբրեւ արդիւնք հաւաքուած է աւելի քան 100 դիմում: Սփիւռքի գաղութներուն մէջ գործող միօրեայ եւ ամէնօրեայ դպրոցներուն, խումբերուն, խմբակներուն, կրթամշակութային հաստատութիւններուն ընդհանուր առմամբ յատկացուած է 41,000 կտոր դասագիրք եւ ուսումնաօժանդակ նիւթ, որմէ 2500 հատը՝ ելեկտրոնային (սի.տի.–տի.վի.տի.), մնացած 7500ը՝ պահեստաւորուած է: Բացի անկէ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն սփիւռքի նախարարութեան փոխանցուած է 2600 հատ գիրք: Ստացուած դիմումներով պահանջուած է շուրջ 130,000 հատոր գրականութիւն եւ ուսումնաօժանդակ նիւթ, սակայն տրամադրուած նիւթերը կազմած են պահանջուածին շուրջ 1/3 մասը: Եւրոպա առաքուած է 5088, Միացեալ Նահանգներ՝ 5650, Ռուսիա՝ 14,779, Ուքրանիա՝ 3391, Վրաստան՝ 10,000, Աբխազիա՝ 2092 հատ գրականութիւն:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է. «Այս ծրագիրը նախարարութեան ամենառաջնահերթ ծրագրերից է: Մեր կարեւորագոյն խնդիրն է Սփիւռքի 900ից աւելի հայկական դպրոցները դասագրքերով բաւարարելը: Չպէտք է լինի որեւէ դպրոց, որի ներկայացրած յայտը անուշադրութեան մատնուի: Դեռեւս պահանջարկն աւելի շատ է, քան առաջարկը, բայց բոլոր յայտերը պէտք է բաւարարուեն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.