– Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները պիտի վայելեն Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան պաշտօնական հովանաւորութիւնը.
– Լոս Անճելըսի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի մարդասիրական գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած «Շնորհակալութի՛ւն Ամերիկա» ցուցահանդէսի (Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն) ծախսերը պիտի տրամադրուին, եւ ցուցահանդէսը պիտի վայելէ քաղաքապետարանին համահովանաւորութիւնը.
– Ապրիլ 24ին, Փոքրիկ Հայաստանէն սկսող «Արդարութեան Քայլարշաւ»ին նիւթական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի ու քաղաքի տարածքին զայն ծանուցող պաստառներ պիտի կախուին։
– Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած արուեստի մրցանք, որուն յաղաթական հռչակուած ստեղծագործութեան նկարը քաղաքի հանրակառքերուն վրայ պիտի զետեղուի Ապրիլ ամսուան ընթացքին։
– Ապրիլ 24ի շաբթուան ընթացքին, քաղաքապետարանի արտաքին պատերուն վրայ մանիշակագոյն լոյսեր պիտի բացուին, խորհրդանշելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի խորհրդանիշ ընտրուած «Անմոռուկ ծաղիկը»։
– Քաղաքի տարածքին, ներառեալ քաղաքապետարանի տարածքէն ներս, 100 նռնենիներ պիտի ցանուին։
«Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը յաձնառու է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումի ապահովման, եւ այդ իսկ պատճառով, պատրաստ է քաղաքի տարածքին իրականացուելիք դաստիարակչական այս աննախընթաց արշաւով նպաստելու արդարութեան համար պայքարին», կը յայտնէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.