Ընդունելութեան ներկայ եղած են հոգեւոր դասի, ՄԱԿի անդամ պետութիւններու, տեղական ու միջազգային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ եւ լրագրողներ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն յայտնած են, որ ընդունելութեան ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանած է ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Զոհրաբ Մնացականեան, որ նշած է, թէ ցուցահանդէսին միջոցով կը ներկայացուի պատմութիւնը ժողովուրդի մը, որ ճիշդ 100 տարի առաջ ենթարկուած է ոճրագործութեան, ինչ որ այն ժամանակ բնութագրուած է որպէս «յանցագործութիւն մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ»:
Ըստ Մնացականեանի՝ ուսումնասիրելով հայերուն դէմ կատարուած այդ եղեռնագործութիւնը, Ռաֆայէլ Լեմքինը երեք տասնամեակ ետք ստեղծած է «ցեղասպանութիւն» եզրը։
Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը ընդգծած է ցուցահանդէսին առանձնայատկութիւնը, քանի որ անիկա միահիւսելով «խորհրդանշականն ու իրականութիւնը», կը ներկայացնէ Եղեռնէն մազապուրծ եղած կանանց պատմութիւնը:
Ըստ դեսպանին՝ հայ կիները ապաստան գտնելով այլ երկիրներու մէջ, ի զօրու եղած են վերականգնելու իրենց կեանքը եւ վերահաստատելու իրենց ինքնութիւնը՝ յարմարելով նոր միջավայրին ու իրականութեան։
Երախտագիտութիւն յայտնելով ՀՕՄին եւ ցուցահանդէսի միւս աջակիցներուն, Մնացականեան շեշտած է, որ իր ժողովուրդը ոչ միայն կրցաւ ուժ գտնել՝ Սփիւռքի մէջ հիմնելու հզօր կառոյցներ, այլ նաեւ ի վերջոյ, ուղի հարթեց վերականգնելու իր պետականութիւնը եւ կանգնելու ՄԱԿի միւս անդամներուն կողքին:
Իր խօսքին մէջ ՀՕՄի ատենապետ Վիքի Մարաշլեան մատնանշած է ցուցահանդէսին կարեւորութիւնը կիներու կեանքի յառաջխաղացքին ու Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 59րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ: ՀՕՄի ատենապետը ըսած է. «Արուեստի այս գործերու ցուցադրութեամբ մենք այսօր միասնաբար հաւաքուած ենք տօնելու մեր նախնիներու, մայրերու ու կիներուն տոկունութիւնը, զարթօնքն ու ձեռքբերումները»:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական թանգարանէն բերուած հայ կիներու ձեռագործ իրերու ցուցանմոյշներ՝ 19րդ դարու վերջերէն մինչեւ մեր օրերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.