ԵՐԵՒԱՆ, «Թայմ».- 9 Մարտին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունած է Վրաստանի կրօնի հարցերով պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշաքմաձէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ ընկերակցութեամբ Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ազգային փոքրամասնութիւններու եւ կրօնական հարցերու բաժինի պետ Վարդան Ասցատրեանի: Հանդիպման ներկայ եղած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան:
Ողջունելով պատուիրակութեան Էջմիածին այցելութիւնը՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը գոհունակութիւն յայտնած է Վրաստանի մէջ կրօնական հարցերով պետական գործակալութեան ստեղծման համար:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Վիրահայոց թեմը եւ Վրաց ուղղափառ եկեղեցին յուզող հարցերուն եւ խնդիրներուն: Այս գծով կաթողիկոսը ողջունած է Վիրահայոց թեմին հետ եղած գործակցութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ նորաստեղծ գործակալութեան եւ եկեղեցական կառոյցներու միացեալ աշխատանքին շնորհիւ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան ոգիին համահունչ բարւոք լուծում կը տրուին առկայ բոլոր խնդիրներուն:
Հանդիպման ընթացքին խօսուած է նաեւ Վրաստանի մէջ վերջին տասնամեակներուն փուլ եկած հայկական եկեղեցիներու վերականգնման ուղղութեամբ պատկան կառոյցներուն ձեռնարկած աշխատանքներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի հոգեւոր կարիքներու բաւարարման համար Վիրահայոց թեմին անհրաժեշտ հայոց պատմական սրբավայրերու վերադարձման հարցի մասին:
Աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր ողջոյնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցած է Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.