Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական բնագաւառին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Մասնաւորապէս, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է բարձր մակարդակի ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը եւ հիւրերուն ներկայացուցած համագործակցութեան կարելի առաջնահերթ ուղղութիւնները: Լիբանանեան կողմը նոյնպէս կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ առկայ ջերմ բարեկամական յարաբերութիւնները համագործակցութեան դաշտ տեղափոխելու պատրաստակամութիւնը:
Նոյնը օրը պատուիրակութիւնը տեսակցած է նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցեր: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է շարք մը ոլորտներու մէջ փորձառութեան փոխանակման վերաբերեալ, որուն իբրեւ արդիւնք մօտիկ ապագային համագործակցութեան պիտի տրուի գործնական բնոյթ: Քննարկուած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ 2001 թուականին ստորագրուած ռազմական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի արդիականացման եւ 2015 թուականի երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրին առնչուող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.