Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով, 7-8 Մարտ 2015ին, Պոսթընի «Հայրենիք» շէնքին մէջ կայացաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Միջ-շրջանային Գ. ժողովը, մասնակցութեամբ ԱՄՆ Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի Շրջանային վարչութիւններու կազմերուն եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն: Ժողովին մասնակիցները կու գային Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթընէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Պոսթընէն, Թորոնթոյէն եւ Մոնթրէալէն:
Եռակողմանի ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին երեք շրջաններուն միջեւ համագործակցութեան, յայտագիրներու փոխանակման, եռակողմանի աշխատանոցային հաւաքի, երիտասարդական խորհրդաժողովի եւ ներգրաւման հարցերը, 2015ի Ուսանողական հաւաքը եւ միութենական այլ հասարակաց խնդիրներ:
2014-2018 քառամեակի եռակողմանի այս Գ. ժողովը յանգեցաւ գործնական եզրակացութիւններու: Երեք Շրջանային վարչութիւնները համագործակցութեան յանձնառութեամբ ճշդեցին յառաջիկայ երկու տարուան համատեղ գործունէութեան հանգրուանները եւ յաջորդական ժողովներու թուականները:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ