ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, Փետրուար 27ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ներկայացուցիչներ՝ համալսարանի մուտքի ընդունման պատասխանատու Արինա Զոհրապեանի եւ Օքլընտի մէջ տեղակալ Մաթօ Սենեքերիմեանի, որոնք առաջնորդարան եկած էին ներկայացնելու համալսարանին կողմէ Սփիւռքի աշակերտներուն տրամադրուած ուսումնական զանազան կարելիութիւնները, որոնց շարքին են նաեւ ամառնային ծրագիրներ, հեռակայ ուսանելու կարելիութիւններ եւ այլ դիւրամատչելի ձեւեր։
Ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ անոնք այցելած են գաղութի հայկական վարժարանները, տեղեկացնելու համար Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի տրամդրած ծրագիրներուն մասին։
Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց այցելու ներկայացուցիչներուն ճիգերը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ապագայ բոլոր ծրագիրներուն համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.