ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սիսի հայրենակցական եւ մշակութային ընկերակցութեան մօտաւորապէս 100 անդամներ, հիւրեր, բարեկամներ եւ համակիրներ, Փետրուար 8ին հաւաքուած էին Փասատինա, միասնաբար տօնակատարելու Ս. Սարգիսի տօնը, զոր սիսեցիները կը համարեն իրենց սուրբը։
Սիսի հայրենակցական եւ մշակութային ընկերակցութիւնը տարեկան աւանդութեան վերածած է այս տօնակատարութիւնը՝ ի մի բերելով սիսեցիները, հաճելի եւ յիշատակելի պահեր ընծայելով անոնց։
Տօնակատարութեան հանդիսավարն էր ընկերակցութեան փոխատենապետ Պօղոս Փաթաթեան, որ ձեռնարկի պաշտօնական բացումը կատարելէ ետք՝ հրաւիրեց վարչութեան երկարամեայ անդամ Արփի Կիտցինեանը, ներկայացնելու համար Ս. Սարգիսի կենսագրութիւնը։ Ապա ելոյթ ունեցաւ վարչութեան ատենապետ Աբօ Ճապարեանը՝ խօսելով Սիսի հայրենակցական եւ մշակութային ընկերակցութեան պատմութեան եւ իրագործումներուն մասին, ինչպէս նաեւ մատնանշելով Ս. Սարգիսի նկատմամբ հայութեան յատուկ սէրը։
Ներկաները ապա վայելեցին հայկական աւանդական հարիսան, որ նուիրուած եւ պատրասատուած էր ընկերակցութեան երկարամեայ անդամ եւ նախկին վարչական Թիւոլ Գալայճեանի, ինչպէս նաեւ Ս. Սարգիսի «հալվա»ն՝ պատրաստուած Արփի Կիտցինեանի եւ Էլօ Հատատեան-Կիտցինեանի կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.