ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յանձնարարած է Ռուսիոյ կեդրոնական դրամատան ու կառավարութեան՝ «որոշել Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս դրամանշային եւ ելեւմտական մարզերուն մէջ համարկման հետագայ ուղղութիւնները՝ ուսումնասիրելով ապագային դրամանշային միութեան ստեղծման նպատակայարմարութիւնն ու կարելիութիւնը»:
Այդ յանձնարարականը պէտք է իրականացուի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութեանց Կեդրոնական դրամատուներուն հետ գործակցաբար, մինչեւ Սեպտեմբեր 1, 2015:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.