
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական հարցի լուծման գործընթացին կապակցութեամբ, Իմրալըի բանտին մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ շարունակուող բանակցութիւնները կ՛ընթանան երկու կողմերէ հասնող պնդումներու եւ հերքումներու, յուսադրիչ խօսքերու կամ ջլատիչ քննադատութիւններու խառնակ մթնոլորտի մը մէջ։ Դուրսէն հետեւողներու համար, դիւրին չէ յստակ գաղափար մը կազմել, թէ իրականութեան մէջ ո՛ւր հասած են բանակցութիւնները։ Բայց յառաջդիմութիւն մը կայ, անկասկա՛ծ։ Գործընթացը, կաղացումով ալ ըլլայ, կը շարունակուի եւ բանակցութիւններու շրջանակը օրէ օր կ՛ընդլայնի։
Այս ուղղութեամբ, Մարտ 12ին անակնկալ լուր մը հաղորդուեցաւ։ Փոխվարչապետ Եալչըն Ագտողան, որ այլեւս այս խնդիրին մէջ պետութիւնը ներկայացնող գլխաւոր դէմքն է, խորհրդարանին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ղեկավարներէն Փերվին Պուլտանի ու Սըրրը Սիւրէյա Էօնտերի հետ. այս տեսակցութենէն ետք Պուլտան ըսաւ, որ կազմուած է 16 հոգիէ բաղկացած «դիտորդներու յանձնախումբ մը»։
«Տակաւին յայտնի չէ սակայն, որ այս յանձնախումբը ե՛րբ Իմրալը պիտի երթայ։ Իսկ մենք մեր կարգին դարձեալ Իմրալը պիտի երթանք այս շաբաթավերջին», ըսաւ ան։
Պուլտան նշեց, որ յանձնախումբի 9 անդամները պիտի ըլլան «իմաստուն մարդոց խումբ»ի շրջանային նախագահները, իսկ մնացեալներուն անունները տակաւին չեն հրապարակուած։
Փոխվարչապետ Ագտողան ըսաւ նաեւ, որ յանձնախումբի անդամներու անուններուն մասին մամլոյ մէջ հրատարակուած լուրերը ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ, ու ազդարարեց, թէ կանխահաս յայտարարութիւնները կրնան վնասել բանակցութիւններու բարեյաջող ընթացքին։
Քրտական կողմը կը պահանջէ, որ Օճալանի հետ բանակցութիւններու լուրերը հաղորդուին տեսողական հրապարակումներով, բայց կառավարական շրջանակները այս մասին ալ կարծր կեցուածք ունին։ Վերջին անգամ յուսադրիչ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր, երբ յայտարարուած էր, թէ Օճալան կոչ ըրած է, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ժամ առաջ գումարէ իր ընդհանուր համագումարը եւ ընդունի զէնքերը վար դնելու որոշումը։