
ՎԱՆԱՁՈՐ.- Հայաստանի երրորդ մեծագոյն քաղաք Վանաձորի քաղաքային համայնքի աւագանիի որոշումով Վանաձոր քաղաքի Երիտասարդական այգին վերանուանուած է «Ռուբէն Սեւակի անուան երիտասարդական այգի»:
Որոշումը առնուած է «հիմք ընդունելով «Չիլինգարեան (Մամիկոնեան) տոհմ» պատմաազգագրական հասարակական կազմակերպութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան միջնորդագրերը», ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի եւ Ռուբէն Սեւակի 130ամեակի առթիւ անուանի բանաստեղծ, հրապարակախօս, բժիշկ Ռուբէն Սեւակի անունը յաւերժացնելու նպատակը: