
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 13 Մարտին ընդունած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը՝ Սամուէլ Ֆարմանեանի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին Կարէն Միրզոյեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին քաղաքական օրակարգի շարք մը հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն:
Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Եւրոմիութեան միջեւ յարա-բերութիւններու զարգացման, մասնաւորապէս, խորհրդարանական համագործակցութեան ծիրին մէջ գործնական ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններուն ու հեռանկարներուն շուրջ: Այս պարունակին մէջ երկուստեք կարեւոր նկատած են Արցախ–ԵՄ պաշտօնական ներկայացուցիչներու անարգել մուտքի ապահովումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումը անաչառ ու համակողմանի կերպով եւրոպական կառոյցներուն մէջ ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը: