ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ 13 Մարտին յայտարարուած է Չինաստանի ուսումնական հաստատութիւններուն եւ համալսարաններուն մէջ կրթութիւն ստանալու նպատակով կայացած մրցումին յաղթողներուն անունները:
Միջպետական համաձայնագիրի ծիրին մէջ գործադրուած այս ծրագիրին յաղթողներուն անունները յայտարարած է գիտութեան եւ կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, որ նշած է, թէ այս տարի Չինաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսում ստանալու իրաւունք ստացած է 11 դիմորդ: Ըստ անոր՝ այս տարի եւս այս նպատակով արձանագրուողներուն թիւը մեծ եղած է, որ, ըստ Արմէն Աշոտեանի՝ «վկայում է հայ երիտասարդների՝ Չինաստանի մշակոյթին ու քաղաքակրթութեանը ծանօթանալու եւ չինական բուհերում սովորելու մեծ հետաքրքրութեան եւ ձգտման մասին»:
«Վերջին տարիներին կրթութեան ոլորտում իրականացուած լայնածաւալ բարեփոխումների արդիւնքում աշխարհի բարձրակարգ բուհերի շարքում իրենց տեղն ունեն նաեւ Չինաստանի բուհերը, եւ պատահական չէ, որ տարէցտարի վերոնշեալ բուհերում սովորել ցանկացող հայ երիտասարդների թիւն աւելանում է», յայտնած է նախարարը՝ տեղեկացնելով, որ աւելի մեծ թիւով դիմորդներ փափաք յայտնած են մագիստրոսի ուսում ստանալու, աւելի նուազ՝ ասպիրանդի պարագային։ Հանդիպման մասնակիցիները զիրենք յուզող հարցերուն վերաբերող հարցումներ ուղղած են նախարարին: Նշենք, որ միջպետական համագործակցութեան ծիրին մէջ այսօր Չինաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կ՛ուսանի շուրջ 40 հայ երիտասարդ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.