ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս բոլորը կը կատարուին շնորհիւ մեր բաժանորդներուն, հովանաւորներուն, ծանուցողներուն, նուիրատուներուն: Մեր մօտեցումը եղած է վստահիլ այս հրաշալի քառեակին եւ չվախնալ նոր ծրագիրներ մշակելէ. միշտ մեր ոտքերը մեր վերմակին չափէն աւելի երկարած ենք եւ չենք զղջացած:
Այս մօտեցումը կը վերահաստատենք նաեւ յառաջիկայի համար: Մենք հաւատացած ենք, որ մեր ինքնաբաւութիւնը յայտարարելով՝ նպաստած չենք ըլլար մեր բարեկամներուն, որ նուազեցնեն իրենց նեցուկը թերթին: Մենք վստահ ենք, որ մեր բարեկամները կը խրախուսեն յաջողութիւնները, կը քաջալերեն աշխատանքը եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեն ընել:
Աւելին, հաւատացած ենք, որ մեր բարեկամները յոգնած են լալկան պատմութիւններ լսելէն, նահանջի, պարտութիւններու եւ անկարողութիւններու մասին կարդալէն: Անոնք չեն ուզեր փրկարարներ դառնալ միայն, ընկղմող հաստատութիւններ ազատելու տրամադրել իրենց միջոցները: Հոյակապ զգացում է մաս կազմել շարժումի, զարգացման, արդիականացման, ընդլայնման, մանաւանդ երբ ազգային գործ տանող կառոյց մըն է նախաձեռնողը:
Մենք տակաւին շատ ծրագիրներ ունինք, որովհետեւ տակաւին ճանապարհի սկիզբն ենք: Իսկական ժամանակակից տեղեկատու միջոց դառնալը տակաւին մեր վրայ կը դնէ հսկայական պարտադրանքներ, զորս պիտի իրականացնենք մեր ինքնաբաւութենէն խանդավառուած բարեկամներով, հովանաւորներով, ծանուցողներով ու բաժանորդներով:
We have a product that is produced in Armenia and is sold in the US. I have asked for your media pack many times and still awaiting an answer from you. I sent my request to a few email addresses I was able to find for Asbarez. Hope this request will get through. Thanks. Vahe, invino@invino.am