ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ես ալ նման իրավիճակի մէջ էի այդ առաւօտ: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ: Ուստի փորձեցի համակարգիչիս դիմաց նստիլ ու դիմատետր-«ֆէյսպուք»ովս կապուիլ բարեկամներուս հետ՝ անաղմուկ: Թերեւս փոխուէի: Չեմ յիշեր, որքան ատեն այսպէս մնացած էի մեղաւորի դէմքով, օտար լուրերուն անձնատուր, խառնակ յոյսերով եւ շփոթ միտքերով: Միայն այն գիտեմ, որ ես ինքս չէի: Մտահոգ նայուածք մըն ալ ունէի: Կարծես երկար լռութիւններով սկսած էի ես ինծի խօսելու: Հաստատապէս ինծի չէր վայելեր նման կերպար: Յանկարծ, ով հրաշք, դուրսէն ութ տարեկան մեր թոռնուհիին ուրախ պոռչտուքը լսեցի: Պատերէն ներս ձայնը ալիք տալով հասած էր մինչեւ սենեակս:
Այսօ՞ր, այս ժամո՞ւն: Խէր ըլլայ: Շուտով յիշեցի: Դպրոցական արձակուրդներէն մէկն էր, ու մեր Վանան որոշած էր մեզի, իր պապիկին ու նանիին մօտ մնալ: Քանդուած ու նոյնիսկ փշրուած տրամադրութիւնս, յանկարծ վերակենդանացաւ: Շունչ մը քաշեցի, երկար ու բարակ եւ ապրելու երջանկութիւնը զգացի երակներէս ներս: Աչքերս փայլեցան: Աշխարհս փոխուեցաւ: Դէմքս նոր գոյն ստացաւ ու շրթներուս նստաւ լայն ժպիտը: Յստակ էր, թէ օրը ախորժալի շարունակութիւն պիտի խոստանար:
Պապիկ ըլլալ. իսկապէս ի՜նչ լաւ բան է: Հաւատացէ՛ք:
Ուստի արագ մը սենեակիս մէջ զինք դիմաւորելու համար ոտքի ելայ, բայց ինք արդէն ինձմէ առաջ շարժելով՝ դուռը արագ մը բանալով, նոյնքան համարձակ «պաաապ«իի՜կ» պոռալով վազեց գիրկս: Հիմա հաստատապէս սենեակիս մթնոլորտին մէջ խառնուած էր նոր բան մը, որուն անունը կարօտ էր: Գրկընդխառնուեցանք երկար եւ ամուր: Կարծես տարիներով զիրար չէինք տեսած: Չէինք հանդիպած: Չէինք խօսած: Մինչ ինք ինքնագոհ կը բազմէր աթոռիս վրայ, ես անհամբեր կը սպասէի իր հարցումներուն: Մեզի հետ ըլլալուն սէրը աչքերուն մէջ կը շողար:
– Պապի՛կ, ի՞նչ կ՛ընես, նորէ՞ն «ֆէյսպուք» բացած ես. նորէ՞ն պիտի կարդաս եւ պիտի գրես, ո՞վ է այս մարդը. որո՞ւն հետ կը խօսիս, ասիկա ի՞նչ է:
Ծարաւ եւ սուր հետաքրքրութիւն: Եկուր եւ բացատրութիւն տուր: Կինս չէր բաւեր, հիմա այս մէկը: Հաճելի եւ ուրախալի: Աչքերուն մէջ դարձեալ նկատեցի ազնիւ որոնում մը եւ ըստ սովորութեան՝ բոլոր հարցերուն անկաշկանդ մօտենալու կամք: Ինծի համար համարձակ ու նոյնքան ալ մտածող աղջիկ մըն է Վանան: Ուստի աթոռ մը քաշելով նստայ իր մօտ եւ պատրաստուեցայ իր հարցումներուն պատասխանելու: Հիմա հետն էի: Ինքզինքս լաւ կը զգայի: Խօսիլ սկսայ: Սակայն յանկարծ աչքիս տակէն նկատեցի, որ գլուխը անհոգ սկսած էր շարժելու: Դժգոհանքի նշան էր: Հանաւաբար միտքին մէջ ուրիշ «բաներ» շարուած էին: Դէմքէն յայտնի էր:
Իմ կարգիս, այդ վայրկեանին վերջին դէպքը յիշեցի: Պատահարը թարմ էր միտքիս մէջ, ականջներուս մէջ ալ՝ կնոջս խնդուքը: Այսպէս, անցեալ շաբաթավերջին էր, երբ սեւաչեայ գանգուր մազերով մեր Վանան ուզած էր իրեն հետ՝ ես ալ, իր պուպրիկներով «դպրոց-դպրոց» խաղայի: Արդէն ինք պաշտօնները ճշդած էր: Ինծի կը մնար միայն հնազանդիլ: Դպրոցի տնօրէնուհին ինք պիտի ըլլար, եւ ես ալ՝ երգի «օրիորդ պապիկը» ու «անկենդան» աշակերտներուն պիտի սորվեցնէնք Շաբաթօրեայ մեր վարժարանէն իր նոր սորված Վարդանանց երգը:
Ինք նախ դիմացս շարեց բոլոր պուպրիկները իրենց հայկական անուններով եւ վերջը՝ սկսաւ խօսելու անոնց եւ երգը բացատրել: Երեւակայեցէ՛ք, ես այս տարիքիս ու՝ պուպրիկներ: Ապա երգին բառերը կրկնեց եւ ապա սկսաւ իր անուշ ձայնով երգել ու դառնալով «աշակերտներուն» հրամայեց, որ իրենք ալ երգեն: Ուղղակի երգի օրիորդ: Ահա քեզի պատմութիւն: Ոչ մէկ ձայն: Յետոյ իբրեւ ամէնէն չարուկը, Յովիկ անունով պուպրիկ-աշակերտը ինծի տուաւ ու թելադրեց, որ լաւ հսկեմ: Այսքանով չվերջացանք: Ժամացոյցին նայեցաւ: Գլուխը կրկին շարժեց եւ ըսաւ, որ ինք «օֆիս» պիտի երթայ Յովիկին մօրը հետ այսօրուան անոր «ըրածներուն» մասին խօսելու: Ու հեռացաւ: Մնացի շուարած:
Ես ու անխօս ինը պուպրիկները: Ուսուցիչը ես էի, ուրեմն պէտք էր տնօրէնի հրահանգին հնազանդէի: Բայց ի՞նչ ընէի: Ի՞նչ կրնայի ընել, երբ այդ Յովիկ ըսուածը գիրկս էր, իսկ միւսները աթոռներուն վրայ շարուած, անխօս զիս կը դիտէին: Անկեղծօրէն մանկութեանս խաղալիք չէի ունեցած: Միայն հինցած ու անիւները փրթած, մեծ եղբօրմէս ինծի յանձնուած պզտիկ «օթօ» մը: Աղջիկ ալ չէի, որ գիտնայի, թէ ինչպէս կը խաղան կամ կը խօսին պուպրիկին հետ: Քոյր ալ չէի ունեցած: Իսկապէս շուարած էի: Համբերեցի: Սպասեցի շուրջ հինգ-տասը վայրկեան եւ մեր տնօրէնուհիէն ոչ մէկ ձայն: Ստիպուեցայ զինք մօտս կանչելու: Դարձեալ ոչ մէկ պատասխան: Ուստի Յովիկը գրկած իր «օֆիսը» գացի: Միայն կինս չտեսներ այս վիճակը: Մտայ մեր նստասենեակը: Աստուա՜ծ իմ, ի՞նչ տեսնեմ: Մեր «տնօրէնուհին» բազկաթոռիս մէջ նստած անհոգ ու հանգիստ «թիվի»ի իր յայտագիրը կը դիտէ: æղայնութենէս բարձրաձայն բողոքեցի.
– Աղջի՛կ, դուն հոս ի՞նչ կ՛ընես:
Զգացի, որ արդէն բարկացած կը պոռամ: Հոգս չէր:
– Պապիկ, համբերէ՛, Յովիկին մամային «թելեֆոնին» կը սպասեմ, հիմա կու գամ, գնա՛,- ըսաւ զիս համոզելու եւ ինքզինք արդարացնելու եղանակով մը:
– Քեզի ալ, Յովիկիդ ալ, Յովիկին մամային ալ,- ըսի աւելի բարձրաձայն եւ իրապէս ջղային եւ արագ սենեակս անցայ:
Ա՛ռ քեզի նորութիւն: Մեր տան խաղաղութիւնը շոգիացած էր արդէն: «Տնօրէնուհիս» սկսած էր «մէկ ձայնի» վրայ բարձրաձայն լալու: Հիմա եկուր եւ լռեցուր ու միաժամանակ այս տեսարանին ականատես կնոջս խնդուքն ու կշտամբանքներուն վկան եղիր: Որոշեցի սենեակիս դուռը կղպել ու ալ մտիկ չընել իր աղաչանքներուն: Այսչափ:
Իսկ այսօր: Հիմա: Դարձեալ նոյն հանկերգը: Սենեակին մէջ, ֆէյսպուքիս դիմաց. «Պապի՛կ, եկուր նորէն խաղանք» մը լսեցի աղաչական:
Է՜հ, աշխա՛րհ: Մարդ այս դարուն պէտք է ծնած ըլլայ եւ ոչ թէ անցեալ:
– Այս անգամ Նանիիդ հետ խաղցիր, այսօր անոր կարգն է,- ըսի համոզիչ ու փորձեցի այդ «փորձանքէն» դարձեալ ազատիլ: Կրկին խնդրեց: Մերժեցի: Գիրք կարդալ առաջարկեցի: Այս անգամ ինք մերժեց: Չեղաւ: Չյաջողեցայ համոզել: Յանկարծ տեղէն շարժեցաւ: Յօնքերը ծուռ դարձան, ուսերը վեր վար ելան, իջան ու քիթին տակէն դժգոհանքի բաներ մըն ալ մրթմրթալով դէպի դուռը յառաջացաւ:
– Ի՞նչ եղաւ նորէն,- ըսի բարձրաձայն:
– Մի՛ խօսիր հետս. ես նեղուած եմ,- ըսաւ ու քալեց դէպի դուռը:
– Եկո՛ւր, ի՞նչ կ՛ուզես, ըսէ՛, պապիկէն չեն նեղուիր,- ըսի ցած ու համոզիչ ձայնով մը:
Անօգուտ: Դուռը բացաւ ու դուրս ելաւ տխուր ու մտահոգ հերոսի նման, աշխարհ մը տանելով իր հետ: Յայտնի էր, թէ ուրախութիւնս ապրած էի կարճ պատմութեան մը նման: Յստակ էր նաեւ, թէ կեանքի մէջ ամէն ինչ ժամանակաւոր եւ պատահական է: Խանդավառութիւնս հալած էր: Չորցած: Կրկին անորոշութիւնը զիս կլանած էր: Մինչ ինք դուրսը արդէն սկսած էր կնոջս իմ մասին իր գանգատները շարելու, իրարու ետեւ:
– Պապիկը ինծի հետ չուզեր խաղալ… ֆէյսպուքով կը խօսի… Նանի, իրեն ըսէ՛:
Յստակ էր թէ խեղճին ձայնը երկար լացէն քաշուած էր արդէն:
– Նանի, հաճիս, ըսէ՛ իրեն, բարկացի՛ր,- կ՛աղաչէր մեր աղջիկը:
Այս մէկը պակաս էր, ըսի մտովի: Իրապէս, որ այս տեսարանը ինծի համար վիրաւորական էր: Օգնութիւն խնդրելը ջիղերուս «նստած» էր: Օգնութիւն՝ մանաւանդ կնոջմէս: Դաւաճանութիւն: Ինք հիմա պապիկէն նեղուելով «գետին միւս կողմը» անցած էր. հաստատապէս:
– Մի՛ լար,- լսեցի յանկարծ կնոջս ձայնը,- հանդարտի՛ր:
Կը զգայի, որ այս անգամ կնոջս ձայնը տարբեր ելեւէջներ ունէր:
– Նանի՛, պապիկը այսօր ֆէյսպուքահայերուն հետ միայն կը խօսի եւ ինծի հետ չուզեր խաղալ,- շարունակեց Վանան լալով ու պաղատելով եւ նոյնքան ալ դժգոհանքով:
Ականջներուս չհաւատացի: Ի՞նչ ըսաւ: Ֆէյսպուքահայ: Ա՛ռ, քեզի նո՛ր բառ եւ նո՛ր հայութիւն: Այս ուրկէ՞ բուսաւ: Գիւտ մը: Սփիւռքահայ ըլլալս գիտէի, նոյնիսկ հալէպահայ. սակայն ֆէյսպուքահայ. երբե՛ք միտքէս չէի անցուցած: Ահա՛, քեզի նոր վիճակ եւ երեւոյթ: Այս տեսակ հայը պակաս էր, ա՛յս ալ աւելցաւ: Ուրախացայ: Դէմքիս վրայ ժպիտ մը լայնցաւ: Վա՜յ աղջիկ, վա՜յ, ըսի մտովի: Սանկ ներքին զգացում մը զիս ստիպեց, որ որոշումս փոխեմ ու անմիջապէս թոռնիկիս մօտենալով գլուխը շոյեցի եւ ապա ձեռքը բռնելով «քալէ՜ խաղանք» ըսի ու նստասենեակէն դուրս ելանք:
Հիմա երկուքս ալ ուրախ էինք: Ինք ամերիկածին թոռնուհի մը, իսկ ես՝ ֆէյսպուքահայ պապիկ մը: