Akhaltskha.net.– 16 Մարտին Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին այցելեց Ախալցխա եւ հանդիպումներ ունեցաւ Սամցխէ-Ջ
Վարչապետին կ՛ընկերանային տարբեր նախարարներ՝ տնտեսութեան եւ կայուն զարգացման նախարար Գիորգի Քվիրիքաշվիլին, շրջակայ միջավայրի եւ բնական պաշարներու պահպանման նախարար Էլկուճա Խոքրիշվիլին, շրջանային զարգացման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Շաւլիաշվիլին, ուժանիւթի նախարար Քախա Քալաձեն, գիւղատնտեսութեան նախարար Օթար Տանելիան եւ ելեւմուտքի նախարար Նոտար Խատուրին:
Հանդիպման ընթացքին վարչապետը ներկայացուց շրջանի տնտեսական կարողականութեան զարգացման ծրագիրներու ցուցահանդէսը:
Անոր համաձայն՝ նոր ծրագիրը, որ կը կոչուի «Ամուր շրջան յանուն ամուր Վրաստանի» ընթացք պիտի առնէ Սամցխէ-Ջաւախքէն: Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը շրջանի զարգացման համար ընտրած է երեք ուղղութիւն, որոնցմէ են՝ գիւղատնտեսութիւնը, զբօսաշրջութիւնը եւ գործարար միջավայրի աշխուժացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.