
ԵՐԵՒԱՆ.– 17 Մարտին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը։
Կողմերը միտքեր փոխանակած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու, մասնաւորապէս, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին կողմէ իրականացուող դիտարկումներուն վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը դեսպանին ուշադրութեան յանձնած է Ատրպէյճանի շարունակական փորձերը՝ շահարկելու եւ ընտրովի կիրարկելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եզրերը: Այս պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացի Արսէն Բաղդասարեանի ճակատագիրին:
Դեսպանը նաեւ հանդիպած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին: