
Տարին բոլորուեցաւ այն թուականէն, երբ Կիլիկեան Հայաբոյր Քեսապը տագնապի եւ արհաւիրքի մատնուեցաւ եւ երբ իր բնակչութիւնը հրթիռներու եւ փամփուշտներու տարափին տակ փախուստ տուաւ: Քեսապցիք բոլորը տեղահանուեցան. տարեց, երիտասարդ, պատանի, նոյնիսկ՝ նորածին: Նոյն թշնամին էր՝ տարբեր դէմքով: Ահաւասիկ, ապրելով 21րդ դարը՝ ոչինչ փոխուած կը տեսնենք: Մարտ 21ն էր, երբ ամբողջ Քեսապը ցնցուեցաւ. ժողովուրդին միակ ելքը փախուստն էր, ժամանակաւոր փախուստը, որպէսզի մանուկները, պատանիները եւ բոլոր տեղացիները մահուան վտանգէն փրկուէին: Կացութիւնը բարդ էր, Թուրքիա մասնակցած էր յարձակումին եւ բոլոր զինուորական կեդրոնները հարուածած:
Քեսապցիք ուղղուեցան Լաթաքիա, շուրջ երեք ամիս հոն ապաստանեցան եւ ապա յաղթական վերադարձան Քեսապ: Քեսապը ազատագրուեցաւ ու քեսապցիք վերադարձան իրենց պապենական հողը:
Վերադարձի պահը ոգեւորիչ էր, բայց այնքա՛ն ալ հեշտ չեղաւ անիկա. քեսապցին տեսաւ իր տունը քար ու քանդ վիճակի մէջ, եկեղեցիները հրկիզուած, ինչպէս էին նաեւ մշակութային տունը, պանդոկները եւ վաճառական կեդրոնները: Տարիներու աշխատանքը մոխրացաւ քանի մը ամիսներու ընթացքին: Քեսապի յարձակման ընթացքին Քեսապ տուաւ 3 զոհ:
Սակայն հզօր է հայուն կամքը… քեսապցիք սկսան վերանորոգելու: Եկեղեցիները վերաօծեցին, Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանը վերաբացուեցաւ, իսկ մնացեալ աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին:
Համայն հայութիւնը եւ քեսապցիները, որոնք կը գտնուին Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ, միատեղ եւ միակամ աշխատելով՝ զօրվաիգ կանգնեցան եւ մինչեւ այսօր կը կանգնին Քեսապի վերականգնման աշխատանքներուն ու վերաշինութեան:
«Փրկէ՛ Քեսապ»ը արշաւով, անոնք աշխարհին ցոյց տուին, թէ այս հողը իրաւատէր ունի, թէ այս աւանը մաս կազմած էր Մեծ թագաւորութեան՝ Կիլիկեան Հայկական թագաւորութեան, որմէ խլուեցաւ անարդարօրէն եւ ուր հարիւր տարիներ առաջ ցեղասպանութիւն իրագործուեցաւ ամբողջ ազգի մը դէմ:
Քեսապի յաղթանակը յոյսի շող մըն է, որ լոյս սփռեց պատմութեան սեւ էջին վրայ, ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ ինչպէս այդ փոքր աւանի բնակիչները հայ են, այնպէս ալ այդ ամբո՜ղջ տարածքին վրայ հայեր կային. ո՞ւր են անոնք այսօր…
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, որպէս միակամ ազգ կը հաստատենք, թէ արդարութիւնը պիտի իրագործուի. վկայ՝ Քեսապի յաղթանակը:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԵՍԱՊԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Շատ լաւ գրութիւն մըն է, վարձքը կատար գրողին: Միայն մէկ սրբագրութիւն, զոհերու շարքին պէտք էր հիշուէր մոտաւորապէս հարիւր Սուրիացի զինւորներուն թիւը որոնք ինկան այդ պատերազմի ընթացքին. Անոնք քաչաբար ետ մղէցին թշնամին երկու օր օգնելով Քէսապցիներուն ապահով հասնիլ Լաթաքիայ, այլապէս իրէնց ճանապարհին պիտի ջարդուէին: