ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի նորագոյն հատորը՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Համաշխարհային Մամուլի Առաջին Էջերին»ը (Armenian Genocide: Frontpage Coverage in the World Press) շառաչուն ապտակ մըն է համայն մարդկութեան: Արթնութեան հրաւէր, զգաստութեան կանչ՝ բոլոր անոնց, որոնք սիրել գիտեն, ապրիլ գիտեն, ունին խիղճ եւ ազնուութիւն:
Միջազգային տարբեր թերթերու արխիւներէն դուրս եկած այս գծանկարներն ու լուսանկարները ոչ միայն որպէս գիրք, այլեւ որպէս ցուցահանդէս, յառաջիկայ ամիս՝ 8, 9 եւ 10 Ապրիլ 2015ին, կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Ասպետներու վարչութեան, Երեւանէն պիտի բերուին Քալիֆորնիա եւ պիտի ներկայացուին Լոս Անճելըսի հանրութեան «Սքիրպոլ» մշակութային կեդրոնին մէջ (Skirball Cultural Center, 2701 North Sepulveda Blvd, Los Angeles, CA 90049), երեկոյեան ժամը 6-10։ Դասախօսութիւնները կը սկսին ժամը 7:30ին:
Ասիկա բացառիկ առիթ մըն է հրաւիրելու համար հայ թէ օտար մեր բարեկամները՝ ներկայ գտնուելու եռօրեայ դասախօսական սոյն շարքին եւ ցուցահանդէսին, որ բաց եւ ազատ է հանրութեան համար, «Ինչ բանի աշխարհը ականատես դարձաւ դար մը առաջ» ընդհանուր խորագիրին տակ: Այսպէս՝
– Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2015
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Բարեգալուստի խօսքեր եւ ելոյթներ՝ պաշտօնական հիւրերու կողմէ. խօսք՝ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան՝ ՀԲԸՄի Ասպետներու վարչութեան ատենապետ. գլխաւոր բանախօս՝ դոկտ. Հայկ Դեմոյեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, Երեւան:
– Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2015
ՏՆՏԵՍԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ
Դասախօսութիւն անգլերէն լեզուով՝ «Economics of the Armenian Genocide and its consequences». դասախօս՝ դոկտ. Ուկուր Ումիթ Ունկոր (Associate Professor of History Utrecht University, Institute of War, Holocaust, and Genocide Studies, Amsterdam): Երեկոն պիտի համադրէ Գուրգէն Պերքսանլար՝ ՀԲԸՄի Ասպետներու վարչութեան նախկին ատենապետ:
– Ուրբաթ, 10 Ապրիլ 2015
ԲՌՆԻ ԻՍԼԱՄԱՑՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐ
Ո՞վ են, որքա՞ն է թիւը անոնց, որքա՞ն պէտք է ըլլային այսօր… Հայաստանը, հայութիւնը եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին կ՛ընդունի՞ն անոնց ներկայութիւնը… Քննարկման կը մասնակցին Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ առաջնորդ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի, եւ Ռաֆֆի Պետրոսեան՝ գրող եւ հասարակական գործիչ, Թորոնթօ: Համադրողն է Գուրգէն Պերքսանլար:
***
«Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Համաշխարհային Մամուլի Առաջին Էջերին» հատորին մէջ, աւելի քան 260 մեծադիր էջերու վրայ ամփոփուած են համաշխարհային զանազան թերթերու մէջ 19րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 20րդ դարու առաջին քառորդը լոյս տեսած փորագրանկարներ, գծանկարներ եւ լուսանկարներ՝ իրենց յստակ բացատրութեամբ, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Թերթեցէք էջերը, դիտեցէք, խորացէք իւրաքանչիւր նկարի մէջ եւ կարդացէք բացատրութիւնը: Թեւ ու թռիչք պիտի առնէք դէպի անցեալ, պիտի մտնէք հատորի էջերուն մէջ եւ դուք ձեզ պիտի պատկերացնէք այնտեղ՝ սուլթաններու եւ փաշաներու հետ, միջազգային ղեկավարներու հետ, թուրքի ու քիւրտի սուրին տակ, հայուն ամէն մէկ քայլին հետ, եկեղեցիներու մէջ ողջակիզուող, որբ, անտուն, կիսամերկ, պաղատող ու արիւնլուայ, մինչեւ… մահ կամ՝ հրաշք, փրկութիւն, գաղթականութիւն, նոր կեանք…
Մարդուն մէջ մարդը արթնցնող հատոր մըն է այս՝ պատրաստուած բացառիկ պարզութեամբ, սակայն ընթերցողին հոգին ալեկոծող բովանդակութեամբ: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին զուգադիպող այս հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ, 2014 թուականին, երաշխաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Գիտխորհուրդին եւ մեկենասութեամբ Լոս Անճելըսի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու համախմբումին:
Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան յառաջաբանին մէջ կը գրէ. «Հետաքրքիր խումբ են կազմում մամուլի այն հրապարակումները, որտեղ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ներկայացուած է պարբերականների առաջին էջերին՝ դրանով իսկ կարեւորելով այդ ողբերգութեան հանրային բարձրաձայնման նշանակութիւնը»:
Հատորը հինգ գլուխներու բաժնուած է՝ ժամանակագրական կարգով. 19րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 20րդ դարու առաջին քառորդը:
Արդարեւ՝ գիրք մը, ցուցահանդէս մը եւ երեք յոյժ հետաքրքրական երեկոներ կը սպասեն մեզի: Ժամադրուած ենք «Սքիրպոլ Սենթըր», Չորեքշաբթիէն Ուրբաթ, 8-10 Ապրիլ 2015ին: