
ԹԱՈՒԶԸՆՏ ՕՔՍ.- Վենթուրայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սերովբէ քհնյ. Էյլէնճեանի եւ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 12ին, կ.ե. ժամը 1։45ին տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած երաժշտական ոգեկոչում մը։
Այս իւրայատուկ համերգը տեղի պիտի ունենայ Ս. Փեթրիք Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ սրահին մէջ (1 Church Road, Thousand Oaks, CA, 91362), յաւարտ Ս. պատարագի:
Համերգին ընթացքին, դաշնակահար Քրիսթին Տեքլոց պիտի կատարէ յօրինող Ալպեր Տարաքճեանի ստեղծագործութիւններէն։ Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ դաշնակահար Ալեն Ռուբիկ՝ ներկայացնելով Հայկական Ցեղասպանութեան զօհերուն նուիրուած իր ստեղծագործութիւնները:
Մուտքը ազատ է եւ աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել asaryan@roadrunner.com հասցէին կամ (805) 794-0664 թիւին։