
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Էմմի» մրցանակին արժանացած Էնտրու Կոլտպըրկի կողմէ 2006ին պատրաստուած «The Armenian Genocide»ը այս տարի եւս պիտի ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու Հանրային սփռումի սպասարկութեան (PBS) կայաններէն, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով։
Լոս Անճելըսի մէջ, վաւերագրական շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի «PBS SoCal» կայանէն, Ապրիլ 23ին, երեկոյեան ժամը 7ին եւ 8։30ին։
Շարք մը այլ կայաններու կողքին, ֆիլմը պիտի ցուցադրուի նաեւ հետեւեալ կայաններէն.
– Ֆրեզնոյի KVPT կայանէն, Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 5ին.
– Սան Ֆրանսիսքոյի KQED կայանէն, Ապրիլ 25ին, երեկոյեան ժամը 5ին.
– Սան Պերնարտինոյի KVCR կայանէն, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 8ին.
– Սաքրամենթոյի KVIE2 կայանէն, Ապրիլ 29ին, երեկոյեան ժամը 7ին.
– Ֆինիքսի KAET կայանէն, Ապրիլ 22ին, երեկոյեան ժամը 8ին.
– Թուսանի KUAT կայանէն, Ապրիլ 24ին, երեկոյեան ժամը 6ին եւ 12ին.
– Քոլորատոյի «Colorado PTV» կայանէն, Մարտ 29ին, երեկոյեան ժամը 8ին եւ 11ին, ինչպէս նաեւ Ապրիլ 24ին, երեկոյեան ժամը 9ին.
– Օրիկընի «Oregon PBS» կայանէն, Ապրիլ 28ին, երեկոյեան ժամը 8ին.
– Տալասի KERA կայանէն, Ապրիլ 28ին, երեկոյեան ժամը 11ին.
– Հիւսթընի «Houston PBS» կայանէն, Ապրիլ 18էն Ապրիլ 19 լուսցող գիշերը, ժամը 2։30ին.
– Սոլթ Լէյք Սիթիի KUEN կայանէն, Ապրիլ 22ին, երեկոյեան ժամը 9ին։