ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ
Եւ կը պատասխանենք անվարան.- Հայ Դատի լուծումը։
Միացեալ Հայաստանի եւ անկախ ու ամբողջական հայութեան վերակերտումը։ Վերահայացումը Հայկական լեռնաշխարհի եւ հայրենացումը տարասփիւռ հայութեան։
Այս է մեր ամէն բանէ վերը եւ նուիրական ամէն միջոց ու ճանապարհ, որ այս նպատակին կ՛առաջնորդեն մեզ հաւաքաբար, քայլ մը աւելի կը մօտեցնեն մեզ համընդհանուր այս իտէալին եւ, իբրեւ այդպիսին, ոտքի կը պահեն ազգը հոգեպէս ու բարոյապէս, դարբնելու ու ջրդեղելու համար մեր հաւաքական կամքը, կռանելու հաւաքական մեր լինելութիւնը։
Այս առանցքին շուրջ կը դառնայ հայ քաղաքական կեանքը ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ Երկիրը կը դառնայ Արեւուն շուրջ։ Հոս է, այս կէտին մէջ կը կայանայ հայ քաղաքական մտքի ձգողութեան կեդրոնը։
Արդ, այս ճանապարհին վրայ, հայութիւնը, հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը նախապաշարումներ ու նախատրամադրութիւններ չունի, չի՛ կրնար ունենալ։
Նախապաշարումներ ու նախատրամադրութիւններ չունի ոչ ոքի հանդէպ,- ոչ մէկ երկրի, ոչ մէկ ժողովուրդի, ոչ մէկ պետութեան, ոչ մէկ վարչաձեւի, քաղաքական ու գաղափարախօսական ոչ մէկ շարժումի կամ կազմակերպութեան հանդէպ։
Ընդհակառա՛կն, հայ մարդուն, հայ քաղաքական մտքին գլխաւոր մտահոգութիւնն է Հայ Դատին, անոր արդար ու վերջնական լուծման ի խնդիր համախմբել ու համակարգել ոչ միայն մեր ուժերը, այլեւ, ի գին ամէն զոհողութեան, նոյն այդ նպատակին ի սպաս օգտագործել նաեւ արտաքին ուժերը, որոնք հեռուէն կամ մօտէն կրնան ազդեցութիւն ունենալ կամ շահագրգռուիլ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի քաղաքական ճակատագրով։
Հին ու ծանօթ խօսք է.- Ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի։ Մեզի համար ալ միակ պայմանագրական տուեալը այս է ահա.- ամէն ուղի, ամէն միջոց պէտք է մեզ առաջնորդէ Հայ Դատի լուծման։ Եւ նուիրական են այն բոլոր ուղիները, որ մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի մե՛ր Հռոմը։ Իսկ այս ճանապարհին վրայ աջ կամ ահեակ ամէն խոտորում մերժելի է պարզապէս։
Մերժելի է, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ կը դառնան հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը, հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնն իսկ։ Էականը հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու ապահովութիւնն է միշտ եւ այս էականը կը կազմէ մեկնակէտը ամէն բանի։
Ոչ մէկ քաղաքական արեւելում, ոչ մէկ ուղղութիւն, ըստ ինքնեան, նախապայման է։ Նախապայմանը մեր հիմնական շահերուն ու ձգտումներուն գիտակցութիւնն է։ Այդ շահերուն ու ձգտումներուն հաւատարմութիւնն ու անշեղ հետապնդումը ամէ՛ն ատեն, ամէ՛ն ձեւով։
Ահա թէ ինչո՛ւ ոչ Արեւելքի հետ ենք ըստ ամենայնի եւ ոչ ալ Արեւմուտքի հետ՝ ըստ էութեան։ Որովհետեւ համոզուած ենք, որ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու ապահովութիւնը արտաքին արեւելումի հարց չէ անպայման, այլ գլխաւորաբար՝ ներքին ամրութեան։
Ընդհակառակն, մենք Արեւելքի կամ Արեւմուտքի հետ ենք այն չափով եւ այն աստիճան միայն, որ նման արեւելում մը կը նպաստէ Հայ Դատի հետապնդման՝ ի վերջոյ ճամբայ հարթելու համար անոր արդար ու վերջնական լուծումին։
Մնաց որ էականը այն չէ, թէ՝ մենք որո՛ւն հետ ենք եւ ինչ չափով թեր ենք այս կամ այն քաղաքական արեւելումին կամ ճակատին. էականը այն է, թէ ո՛վ թեր է եւ հետամուտ է Հայ Դատի լուծման եւ ինչ համեմատութեա՛մբ թեր է։
Ուրիշ խօսքով՝ հիմնականը մեր աջին կամ ձախին յարիլը չէ, այլ ա՛յն, թէ աջը կամ ձախը ինչ վերաբերում ունի հայ ժողովուրդին հանդէպ ընդհանրապէս եւ Հայ Դատին հանդէպ մասնաւորաբար։
Մեր վերաբերումը պայմանաւոր է մեզ շրջապատող երկիրներու եւ պետութիւններու վերաբերումով մեզի՛ հանդէպ եւ անոնց դիրքով՝ Հայ Դատի՛ն հանդէպ։
Կը հետեւի յայտնապէս, թէ մեր օրիանտացիան պարզապէս հայկակա՛ն օրիանտացիա է եւ այս ճամբան պիտի շարունակուի անշեղօրէն։ Ուստի բարեկամ ենք ու համակիր բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն չափով թեր են եւ նպաստաւոր դիրք ունին Հայ Դատին հանդէպ։ Եւ թեր չենք ու համակիր չենք բոլոր անոնց, որոնք թեր ու համակիր չեն Հայ Դատին։
Հայկական Հարցը ո՛չ Արեւմուտքի հարց է եւ ոչ Արեւելքի։ Պարզապէս զուտ հայկական հարց է։ Չենք ուզեր նաեւ, որ Հայ Դատը դառնայ թուաբանական կամ ռուսական եւ կամ ամերիկեան հարցին բաղկացուցիչ մէկ մասը, մասնիկը։
Հայ Դատը քաղաքական ու ազգային գերագոյն նպատակն է ժողովուրդի մը, որ սեփական հայրենիք, անկախ պետութիւն եւ ինքնորոյն կեանք ու մշակոյթ կ՛ուզէ կերտել։ Կ՛ուզէ անկախանալ ու ազգանալ աւելի՛, դառնալ միջազգային մեծ ընտանիքի մէկ ինքնակալ ու ինքնիշխան անդամը։
Ուստի մենք դէմ ենք բոլոր անոնց, որ Հայ Դատը կ՛ուզեն վերածել ռուսական հարցի մէկ բաղկացուցիչ մասնիկին, նաեւ բոլոր անոնց, որ զայն պիտի ուզէին արեւմտաեւրոպական կամ ամերիկեան հարցին մէկ բաղկացուցիչ մասին վերածել։
Երկու ձգտումներն ալ վնասակար պիտի ըլլային Հայ Դատին եւ խոտոր կը համեմատին արդէն հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն։
Նոյն սկզբունքէն կը բխի նաեւ մեր վերաբերումը օտար գաղափարախօսութեանց եւ մասնաւորաբար միջազգային համայնավարութեան նկատմամբ, ինչպէս ե՛ւ բոլոր վարչակարգերուն նկատմամբ։
Մենք անպայման հիացողը չենք ամերիկեան սիստեմին, հակառա՛կ իր բազմաթիւ առաւելութեանց։ Ինչպէս ե՛ւ անպայման հակառակորդն ու քննադատողը չենք խորհրդայի՛ն սիստեմին, հակառակ իր բազմապիսի թերութեանց։
Մեզի համար վարչակարգի կամ գաղափարախօսութեան հարցը, ո՛րքան ալ կենսական, սակայն ստորադաս արժէք ունի Հայ Դատի բաղդատմամբ։ Անկա՛խ Հայաստանի եւ միացեալ հայութեան կերտման բաղդատմամբ։
Մէկ թէ միւս կողմին հանդէպ մենք վերաբերում ունինք անկասկած, իսկ այդ վերաբերումը հիմ ունի նա՛խ Հայ Դատը, ապա՛ մեր գաղափարախօսութիւնը։
Բայց ամէնէն աւելի մեր երկրի, մանաւանդ ապագայ անկախ ու միացեալ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը։
Հայաստան Մերձ. Արեւելքի Զուիցերիան է եւ կոչուած է ըլլալու նաեւ ապագային. վկա՛յ մեր պատմութիւնը։
Այս դիրքէն եւ այս ըմբռնումէն կը բխի նաեւ մեր քաղաքական արեւելումը, որ զուտ հայկական եւ հիմնովին անկախ արեւելում մըն է էապէս։
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Իբրեւ հայ ժողովուրդի քաղաքական միակ ծաւալուն կազմակերպութիւն, մենք մեր բոլոր ուժերով կը ձգտինք գրեթէ յամենայնի իրաւազուրկ հայութիւնը դարձնելու լի-իրաւ հայութիւն։
Մեր բոլոր ուժերով ու միջոցներով կը ջանանք իրականացնել հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը.- անկախ հայ պետութեան ստեղծում, ամբողջական Հայաստանի կերտում, բովանդակ հայութեան համախմբում սեփական ազատ հայրենիքի մէջ եւ լայնօրէն ժողովրդավարական կարգերու տակ։
Ասիկա մեր բնական եւ ամէնէն տարրական իրաւունքն է մարդկային իրաւանց ծիրին մէջ եւ բոլոր ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման անյեղելի սկզբունքի լոյսին տակ։
Ահա թէ ինչու մենք թեր ենք բոլոր ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման եւ անկախութեան նուիրական գաղափարին, անվհատ ախոյեա՛նը նաեւ՝ մարդու եւ քաղաքացիի բոլոր իրաւունքներու անկաշկանդ կիրարկման։
Մեր քաղաքական պայքարին մէջ զուտ հայկական արեւելում ունենալով հանդերձ, ի նախագունէ այս կամ այն մեծ պետութեան հանդէպ առհասարակ հակակրութիւն, հակառակութիւն կամ, ընդհակառա՛կն, որեւէ համակրութիւն եւ կապ ու կապակցութիւն չունենալով հանդերձ, մենք ունինք, անտարակոյս, մեր սկզբունքային ու գաղափարական նախասիրութիւնները։
Այդ նախասիրութիւններուն հիման վրայ ալ, ինչպէս միշտ, նաեւ այսուհետեւ մենք թեր կամ դէմ պիտի ըլլանք այս կամ այն երեւոյթին, այս կամ այն շարժումին, այս կամ այն արարքին, ո՛ւր, ո՛ր երկրին կամ պետութեան մէջ ալ երեւան գան կամ գործածուին այդ բոլորը։
Ի հարկէ, մենք դէմ չենք եւ չենք կրնար դէմ ըլլալ, որ ազգերը իրենց ազա՛տ կամքով ընտրեն ու կիրարկեն ա՛յս կամ ա՛յն վարչաձեւը, ի միջի այլոց, նաեւ խորհրդային վարչաձեւը։ Ընդհակառա՛կն. մենք ջատագով ենք – նաեւ՝ պահանջատէր – այդ ազատութեան։
Սակայն մենք դէմ ենք եւ դէմ պիտի ըլլանք մի՛շտ, որ այդ վարչաձեւերը ժողովուրդներուն պարտադրուին բռնօրէն, հրասայլերու սպառնալիքին տակ։ Մենք դէմ ենք եւ միշտ պիտի պայքարինք բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը բռնանան ժողովուրդներու ազատ կամքին վրայ, ո՛վ ալ ըլլան բռնացողները, ամերիկացի թէ ռուս, անգլիացի թէ չին, թո՛ւրք թէ գերմանացի։
Այո՛, մենք թեր ենք եւ անդեդեւ դրօշակիրն ենք մարդկային իրաւանց ամբողջական գործադրութեան սկզբունքին եւ դէմ մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական ազատութեանց ամէն ձեւի կաշկանդումի, ո՛ւր ալ պատահին այդ կաշկանդումները, ո՛վ ալ ըլլայ անոնց հեղինակը։
Մենք դէմ ենք մարդուն կողմէ մարդու շահագործումին, անհատական ըլլայ այդ շահագործումը թէ հաւաքական, դրամատիրական ընկերութեանց մէջ կատարուի թէ պետական մեքենայի միջոցով գործ դրուի, պետական դրամատիրութեան կողմէ ըլլայ թէ անհատական դրամագլուխի։
Տեւաբար պիտի պայքարինք, պիտի խօսինք ու գրենք այդ շահագործումին դէմ, ո՛վ ալ ըլլայ ենթական, ո՛ր երկիրներուն մէջ ալ տեղի ունենայ.- ասիական, եւրոպական թէ հարաւամերիկեան երկիրներու մէջ, ամերիկեան կամ արեւմտաեւրոպական դրամատիրութեան թէ ռուսական կամ չինական պետական դրամատիրութեան կողմէ։
Նոյն սկզբունքէն մեկնելով՝ մենք դէմ ենք դարձեալ աշխարհակալական ամէն դրութեան, զինուորական ուժով հաստատուի ան թէ տնտեսական միջոցներով, Խ. Ռուսաստանի կողմէ ըլլայ թէ Մ. Նահանգներու կամ այլ որեւէ երկրի կողմէ։
Որովհետեւ կը հաւատանք, որ աշխարհակալութիւնները, ի՛նչ պիտակ ալ կրեն, մի՛ եւ նո՛յն բնոյթը ունին եւ, ըստ էութեան, հիմնական ոչ մէկ տարբերութիւն ունին իրարմէ։ Ընդհակառա՛կն, բոլոր տեսակի աշխարհակալութիւններն ալ ծանրագոյն չարիք կը կազմեն ազգերու ազատ ինքնորոշման եւ անոնց անկաշկանդ զարգացման արդարագոյն դատին դէմ։
Փաստօրէն, աշխարհն այսօր մրցադաշտ դարձած է նոր ձեւի երկու աշխարհակալութեանց, – խորհրդային համայնավար աշխարհակալութիւնը՝ Արեւելքի մէջ եւ տնտեսական – դրամատիրական աշխարհակալութիւնը՝ Արեւմուտքին մէջ, ամերիկեան դրամատիրութեան գլխաւորութեամբ։
Մարդկութիւնը ներկայիս կը տառապի եւ ծանրագոյն տագնապներ կ՛ապրի գլխաւորաբար այս երկու նոր տիպի աշխարհակալութեանց հակադրութենէն եւ անոնց անողոք ու չարաշուք մրցակցութենէն։
Նոյն այդ աշխարհակալութեանց հակադրութեան ու հակամարտութեան հետեւանքով է առաւելաբար, որ կիսուած Գերմանիաներ, կիսուած Վիեթնամներ եւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներ գոյութիւն ունին այսօր։ Գոյութիւն ունի նաեւ կիսեայ Պաղեստին մը, որուն հետեւանքով բովանդակ Մերձաւոր Արեւելքը հրաբխային վիճակի մատնուած է…
Միեւնոյն աշխարհակալութեանց մրցակցութեան ու հակամարտութեան հետեւանքով է կրկին, որ բազմաթիւ ժողովուրդներ օտար տիրակալութեան տակ ինկած են եւ բազմաթիւ ուրիշներ՝ աշխարհակալութեան տիրապետութեան վտանգին ենթակայ վիճակի մէջ կը գտնուին։
Նո՛յնն է աղբիւրը նաեւ հայ ժողովուրդի ողբերգութեան։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի անողոք այս գօտեմարտին հետեւանքով է գլխաւորաբար, որ Հայաստանը կը մնայ բաժան եւ հայ ժողովուրդը՝ աշխարհացրիւ վիճակի մէջ…
Այս երկու աշխարհակալութիւնները նոյն բաները չեն, անկասկած։ Տարբեր գործելակերպ եւ հիմնովին տարբեր նկարագիր ունին։ Սակայն նոյնն են իրենց նպատակներով, ձգտումներով, վարքագիծով։ Ըստ էութեան, երկու աշխարհակալութիւններն ալ մեծերուն կողմէ փոքր ազգերու շահագործման ու տիրապետութեան դրութիւն մը կը կիրարկեն, հոգ չէ թէ տարբեր մեթոտներով եւ եղանակներով։ …Տարբեր է նաեւ հայ ժողովուրդի ու Հայ Դատի ճակատագրի վրայ անոնց ունեցած ազդեցութեանց անմիջականութեան չափն ու համեմատութիւնը։
Մեր վերաբերումը միշտ ալ իբրեւ մեկնակէտ ունի եւ պիտի ունենայ հայ ժողովուրդի հիմնական շահերու ապահովութիւնը. ուստի, շատ բնականաբար, կախում պիտի ունենայ այդ հիմնական շահերուն եւ իրաւունքներուն հանդէպ այլոց ցոյց տուած վերաբերումէն։ Պարզ է, որ ո՛վ ալ որ ըլլայ ամէնէն աւելի բացասական դեր կատարողը հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրի անօրինութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման ճանապարհին վրայ, չի կրնար սպասել գուրգուրոտ վերաբերում եւ համակրանք իր դիրքաւորման հանդէպ։
Բոլոր պայմաններուն մէջ, հայոց պատմութիւնը հայ ազգային-ազատագրական շարժման պատմութիւնն է ընդդէմ Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն եկող ու գացող բոլոր աշխարհակալութեանց։ Պատմութի՛ւնը հայ մարդու եւ հայ ազգի ազատագրութեան ու անկախութեան սրբազան պայքարին։
Մենք հաւատարիմ աւանդապահը պիտի մնանք մեր պատմութեան եւ աննահանջ առաջամարտիկը մեր ազգային ազատագրական հնաւանդ պայքարին, ընդդէ՛մ աջին թէ ձախին, Հիւսիսին թէ Հարաւին, Արեւելքին թէ Արեւմուտքին հաւասարապէս։
Հաւատարի՛մ պիտի մնանք հայոց պատմութեան վսեմ պատգամին եւ մեր ազգային նուիրական ուխտին։
Արժանաւորապէ՛ս եւ անտեղիտալօրէ՛ն։
Խմբագրական «Դրօշակ»ի, Ա. Տարի, 1969-1970, թիւ 6, 7
—————————————————————
«Չկար երիտասարդական միութիւն Լիբանանի մէջ. 1972 թուականէն սկսեալ, երբ բազմաթիւ առիթներով Լիբանանի պատանեկան միութիւնները վերակազմակերպելու, զանոնք բարելաւելու գծով աշխատանք կը տանէինք, մինչեւ այսօր ականջիս մէջն է իր ձայնը, երբ 1972ին, 1973ին կ՛ըսէ՛ր, որ երիտասարդական միութիւն պէտք է ստեղծել, մնացածը աւելորդ է: Այդ երիտասարդական միութիւնը ստեղծուեցաւ ա՛յն պատկերով, ա՛յն գաղափարով, ա՛յն մտածողութեամբ, զոր ի՛նք ունէր, զոր ի՛նք կը թելադրէր». Տիգրան Ճինպաշեան
—————————————————————-