ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Առանց հայրենի հողի, առանց սեփական հայրենիքի մեր ամէն ինչը աւազի եւ փոշիի կը վերածուի ի վերջոյ։ Մեզի չեն մնար ոչ միայն աշխարհ մը քրտինքով ու տաղանդով կուտակուած իմացական, բարոյական եւ նիւթական անսահման հարստութիւնները, այլեւ նոյնինքն մեր արեան ու էութեան ծնունդ յաջորդող սերունդները, մեր զաւակներն ու թոռները։
Ամէն ինչ ոչինչի կը վերածուի առանց հայրենի հողի, որ անփոխարինելի պատուանդանը, կենաց աղբիւրը կը կազմէ ազգային ամէ՛ն հաւաքականութեան։
Այս տարրական ճշմարտութեան գիտակցութիւնը ունի, անշուշտ, ամէ՛ն հայ։ Եւ այդ գիտակցութեան վրայ խարսխուած է արդէն գոյատեւման եւ ազատագրական մեր պայքարը տասնամեակներէ ի վեր։
Էականը սակայն ա՛յս տարրական ճշմարտութեան գիտակցութիւնը չէ, ո՛րքան ալ հիմնական ըլլայ անոր կարեւորութիւնը։ Էականը լրացուցիչ եւ կեցուցիչ մի՛ւս տարրական ճշմարտութեան (կամ ճշմարտութեանց) գիտակցութիւնն է։
Այսինքն ա՛յն գիտակցութիւնը, որուն մղումին տակ ազգը, իր բոլոր խաւերով ու հոսանքներով, իր «ամէն ինչ»ը յօժարակամ ու անսակարկ ի սպաս կը դնէ անփոխարինելի նուաճումին, մեր պարագային՝ միացեալ ու ամբողջական հայրենիքի կերտումին։
Ամէն ինչ զոհաբերելու այս գիտակցութիւնը, մանաւանդ այս յօժարակամութիւնն է, որով իմաստ ու արժէք կը ստանան հայութեան կուտակած բոլոր հարստութիւնները մարդկային, իմացական, բարոյական թէ նիւթական – եւ կը վերածուին հաւաքական մնայուն դրամագլուխի, կեանքի եւ կենսունակութեան աղբիւրի։
Բոլորանուէր եւ յարատեւ այս զոհաբերութեան միջոցով է, որ ազգային ազատագրական մեր պայքարի ճանապարհին, հայութիւնը պիտի յաջողի նուաճել իր գոյութեան ու բնականոն զարգացման նախապայմանը,- հայրենի հողը, իբրեւ հաւաքական մեր փրկութեան ամէնէն վաւերական գրաւական։
Եւ այս ճանապարհին վրայ ինչ որ կու տանք, ինչ որ կը զոհաբերենք, այն միայն կը մնայ մեզի։ Աւելի՛ն. այս ճանապարհին վրայ ամէն «խնայողութիւն» մսխում է պարզապէս, անհատական թէ հաւաքական ուժերու զուտ վատնում է լոկ եւ ազգային տեսակէտէն աններելի եւ անթոյլատրելի պարտազանցութիւն է սոսկ։
Ամէնէն իմաստուն եւ ամէնէն արդիւնաւոր ներդրումը հայրենակերտման այս պայքարին մէջ է եւ այս պայքարին միջոցով է միայն որ ամէն ներդրում, ամէն զոհաբերում, ինչ որ կու տանք վերջապէս, հարիւրապատիկ կը վերադառնայ, մեզի, իբրեւ ընդհանրական անմատչելի հարստութիւն։
Մնաց որ ինչ որ կու տանք, ինչ որ կը զոհաբերենք հայրենական մեր հողերու նուաճման կամքով, այնքանին միայն արժանի կրնանք ըլլալ անհատապէս եւ հաւաքաբար, ընդհանուր ազգաց կենդանի պատմութիւնը վկայ։
Հայրենի հողը, հայրենիքները, ինչ խօսք, ձրի չեն տրուիր, այլ կը կերտուին քրտինքով, արիւնով, տաղանդով, սերունդներու վաստակով, յարատեւ զոհաբերութեամբ եւ պայքարով։
Եթէ ազգերու կեանքին մէջ ամէնէն թանկագին գործօնը, յաւերժութեան ու ինքնաիրագործման պատուանդանը հայրենիքն է, ապա հայրենիքները կը կերտուին եւ կը պահպանուին ամէնէն թանկագին բաներու զոհաբերման գնով միայն։
Բոլոր պայմաններուն մէջ, հայրենիք ունենալու, հայրենիք կերտելու, հայրենանալու ուրիշ միջոց կամ ճանապարհ չկայ։ Այլ ճանապարհներով ձեռք բերուած «հայրենիք»ները հայրենիք չեն (չե՛ն կրնար ըլլալ), այլ աշխարհագրական հասկացողութիւն, հողային սոսկական տարածութիւն են պարզապէս, ուր… ոչինչ կը բուսնի սակայն, եթէ բա՛ն մը բուսնի անգամ, չ՛ապրիր, չի տեւեր, չ՛ոգեղինանար, սեփական նկարագիր ու դրոշմ չի զգենուր մանաւանդ։
Հայրենիքն է այն բնական միջավայրը, ուր ազգերը սեփական դիմագիծ, սեփական նկարագիր, սեփական մշակոյթ, ինքնութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն կը կերտեն եւ այդ ճամբով միայն իրենց արժանավայել մասնակցութիւնը կը բերեն թէ՛ մարդկային եւ թէ համամարդկային մշակոյթի ու քաղաքականութեան զարգացման։
Սեփական հայրենիքի երազով կամ սեփական հայրենիքի միջոցո՛վ է, որ ազգերը կը զարգացնեն միաժամանակ իրենց քաղաքական դիմագիծը եւ քաղաքական ինքնուրոյն մտածողութիւնը։ Հայրենիքի գաղափարը կամ սեփական հայրենիքի կենդանի իրականութիւնն է խարիսխը նաեւ անկախութեան գաղափարին։
Ուրիշ խօսքով՝ ազգային ամէն հաւաքականութեան գոյատեւման, ազգային հաւաքական ամէն անհատականութեան կերտման, ինչպէս նաեւ ազգային եւ ընկերային ամբողջական ազտագրութեան հիմնախարիսխը հայրենիքն է։
Ահա թէ ինչու կը կրկնենք յաճախ, – հայրենիքէն դուրս՝ չիք փրկութիւն ո՛եւէ ազգի, բայց առանձնապէս Արտերկրի աշխարհացրիւ հայութեան համար։
Քաղաքական առողջ մտածողութեան տէր բոլոր ազգերը, ազգային ազատագրական հասուն բոլոր շարժումներն ու պայքարները ուրիշ մտասեւեռում չունին, բայց եթէ միայն սեփական եւ անկախ հայրենիքի կերտումը, իբրեւ մարդ անհատի եւ ազգային հաւաքականութեանց ազատ զարգացման ամրակուռ պատուանդան եւ բնական կենարա՛ր միջավայր։
Ճիշդ այս պատճառով ալ բովանդակ մարդկութեան դէմ ոճիրներուն մեծագո՛յնը ազգերուն հայրենազրկումն է։ Եւ, ընդհակառակն, մարդկային առաքինութեանց կամ սխրագործութեանց մեծագոյնը հայրենակերտումն է, յարատեւ հայրենացումը։
Այս իմացումով է, նաեւ, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, իբրեւ հայութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած Ոճիր, կրկնակիօրէն ծանրակշիռ բնոյթ ու տարողութիւն ունի, որովհետեւ թրքական ցեղապաշտ ու բարբարոս վերնախաւը, պետական ծրագրումով ու գործարկումով, հայութեան համրանքին կէսը, շուրջ երկու միլիոն մարդ, ոչնչացնելէ ետք, մեզմէ բռնօրէն խլեց միաժամանակ մեր ժողովուրդի գերագոյն հարստութիւնը, հարստութեանց ամէնէն թանկագինը՝ հայոց հայրենիքի շուրջ չորս-հինգերորդ մասը։
Այս կրկնակ Ոճիրին դէմ է, որ ծառացած է եւ անհաւասար պայքարի լծուած է բովանդակ հայութիւնը, աշխարհի բոլոր գօտիներուն մէջ։
Արդար եւ անյողդողդ ծառացում մը, որ կենաց մահու հարց է եւ ճակատագրական նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ բախտակից բոլոր ժողովուրդներուն, բովանդակ յառաջադէմ մարդկութեան համար։
Արդ, եթէ ամէն ինչ ունենալու նախապայմանը հայրենի հողի, հայրենիքի՛ նուաճումն է, ապա հայրենի՛ք ունենալու, հայրենական մեր հինգհազարամեայ հողերը վերանուաճելու հիմնական նախապայմանը հայութեան կողմէ իր ամէն ինչը զոհաբերելու գիտակցութիւնը, յօժարակամ վճռականութիւնն է, յեղափոխական կա՛մքը։
Անփոխարինելին նուաճելու փոխարինելի ուրիշ ուղի, ուրիշ ռազմավարութիւն չկայ, բացի առաւելագոյն, ի հարկին նաեւ՝ գերագոյն զոհաբերութեան ուղիէն։
Խմբագրական «Դրօշակ»ի, ԺԲ. Տարի, 1981, թիւ 21
————————————————————-
«Սարգիս Զէյթլեան էապէս ընկերական, էապէս զիջող, էապէս համադրել գիտցող մարդն էր, բայց երբ որոշումը տրուած էր, անոր գործադրութեան մէջ կանգնիլ չէր գիտեր, վճռականութիւն կը ցուցաբերէր: Այդ վճռականութիւնն էր, որ իրեն կու տար այդ նկարագիրը, այդ արտաքին պատկերը: Իրեն համար հիմնականը այն էր, որ Դաշնակցութիւնը հասնէր իր նպատակներուն: Իր քաղաքական հաւատամքը հիմնուած էր մարտավարական գործնապաշտութեան վրայ». Տիգրան Ճինպաշեան
————————————————————–