
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Մարտ 24ին, Կլենտէյլի Միացեալ կրթական խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ամիս հռչակել Ապրիլ ամիսը։
Այս նպատակով վաւերացուած բանաձեւին մէջ կը կատարուի Հայկական Ցեղասպանութեան պատմականը, կոչ կ՛ըլլայ Թուրքիոյ՝ ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը, լուսարձակի տակ կ՛առնուի Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին բարեսիրական գործունէութիւնը եւ խոստում կը կատարուի շարունակելու ուսուցիչներու մարզումները՝ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդումը աւելի ազդեցիկ դարձնելու նպատակով։
Բանաձեւը ներկայացուած է Կլենտէյլի Միացեալ կրթական խորհուրդի անդամ Նայիրի Նահապետեանին կողմէ, իսկ անոր ի նպաստ ելոյթ ունեցած է խորհուրդի անդամ Կրեկ Գրիգորեանը։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին ներկայացուցած է Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի բարեսիրական գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսանիւթ մը։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ պիտի գործակցի Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի հայկական ակումբներուն հետ, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւններ իրականացնելու նպատակով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց համակարգող Տիգրանա Զաքարեանին՝
Tigranna@ANCAGlendale.org հասցէով կամ (818) 243-3444 թիւով:
