
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չայքովսքիի անուան միջազգային մրցանքին առաջնութիւն խլած թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանը Լոս Անճելըսի Սենեկային նուագախումբին հետ, Ապրիլ 18-19ին, իբրեւ գլխաւոր մենակատար՝ ելոյթներ պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին եւ UCLA-ի «Ռոյս» սրահին մէջ։
Զոյգ ելոյթներու խմբավարութիւնը ստանձնած է այլ երիտասարդ մը՝ Ճաշուա Ուէյլսթին, որ Հախնազարեանի տարեկից է (27 տարեկան)։ Պիտի ներկայացուին Հալմանէն, Սան Սոնսէն եւ Մոցարթէն ստեղծագործութիւններ։
«Ալեքս» թատերասրահի (216 North Brand Boulevard, Glendale CA 91203) ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 18ին, երեկոյեան ժամը 8ին, իսկ UCLA-ի «Ռոյս» սրահի (340 Royce Drive, Los Angeles, CA 90095) ելոյթը՝ Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 7ին։
Իւրաքանչիւր ելոյթէն ժամ մը առաջ, Լոս Անճելըսի Սենեկային նուագախումբի պատասխանատուներէն Տերըն Ֆուսթըր հանրային զրոյց մը պիտի ունենայ նշեալ երկու արուեստագէտներուն հետ, անոնց փորձառութեանց եւ ներկայացնելիք կտորներուն մասին։ Այս զրոյցներուն ներկայ կրնան ըլլալ տոմսեր ունեցողները։
Տոմսերու գինը 26էն 120 տոլար է։ Տոմսեր ապահովելու համար, այցելել www.laco.org կայքը կամ դիմել (213) 622-7001 թիւին։