ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, Մարտ 19ի երեկոյեան, հայրենի տաղանդաւոր երգահան Տիգրան Մանսուրեանի ի պատիւ մեծարանքի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ մեծարեալ երաժշտագէտի «Հնչիւններու Տարածութիւն» վաւերագրական ամփոփ ժապաւէնին ցուցադրութեամբ, որմէ ետք օրուան հանդիսավարը՝ Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեանը, իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց, որ առիթ ընձեռուած է ներկաներուն՝ Տիգրան Մանսուրեանի հետ ըլլալու եւ ըստ արժանւոյն պատուելու զայն, իր ազգանուէր ճանապարհորդութեան ընթացքին։
Ողջոյնի ջերմ խօսքերէն ետք, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց արուեստագիտուհի Թագուհի Արզումանեանը, որ խօսեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի երաժշտական տաղանդին ու ձիրքերուն մասին, ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան երգահանն ու երաժշտագէտը, որպէս հայրենիքի մէկ գանձ, երգի անսպառ գանձերու աղբիւր, երաժշտութեամբ հայրենիքն ու հայը հարստացնող ու անոնց գոհունակութեամբ հարստացող հայ։
Յայտագիրի յաջորդ հանգրուանին, մեծարեալի ստեղծագործութիւններէն ճաշակ մը վայելելու նպատակով, գեղարուեստական բաժին մը՝ իբրեւ ծաղկեբունջ, պատրաստուած էր Տիգրան Մանսուրեանի արուեստի ճանապարհը պատկերող ժապաւէններէն քաղուած հատուածներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին Թագուհի Արզումանեան հակիրճ բայց օգտաշատ պատմականներ եւ բացատրութիւններ տուաւ՝ նախքան ցուցադրութիւնը։
Գեղարուեստական բաժինի ա-ւարտին, օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց արուեստագէտ, խմբավար ու «Լարք» երաժշտանոցի հիմնադիր-տնօրէն փրոֆ. Վաչէ Պարսումեանը, որ տարիներու մտերմութեան եւ առաջին լսած երաժշտական կտորի առթած հիացմունքին մասին իր յուշերը բաժնեկցելէ ետք՝ ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան բանաստեղծը։ Ոչ թէ միայն բանաստեղծական հոգիի շնորհքը, այլ Եղիշէ Չարենցի ամէնէն դժուար բանաստեղծութիւնները երաժշտութեամբ զարդարելու Մանսուրեանի գերազանց կարողութիւնը դրուատեց ան, եւ որպէս երաժիշտ՝ քաջալերեց ներկաները չբաւարարուելու գեղարուեստական յայտագիրի կարճ ներկայացումներով, այլ Մանսուրեանի բանաստեղծական ոգին ըմբոշխնելու, կրկին եւ կրկին ունկնդրելու իւրաքանչիւր կտոր, մինչեւ երաժշտութիւնը հասկցած ըլլալու գոհունակութիւնը կարենան վայելել։
Վերջին գեղարուեստական քաղուածքը Տիգրան Մանսուրեանի յօրինած եւ եղանակաւորած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած «Ռեքուիէմ» գործէն հատուած մըն էր, որ առաջին անգամ ըլլալով միջազգային ներկայացում գտաւ Գերմանիոյ մէջ, Պերլինի երգչախումբին եւ Միւնիխի սենեկային նուագախումբին կատարողութեամբ։
Ներկայացման աւարտին, առաջնորդը խօսք առնելով՝ իր գնահատանքը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն, մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին եւ բանախօսներուն, ի մասնաւորի՝ երեկոն իր ներկայութեամբ հարստացնող Տիգրան Մանսուրեանին։
Ան Մանսուրեանը նմանցուց Ս. Ստեփանոս սարկաւագին, որպէս տաղանդաւոր, շնորհքներով լի, զօրեղ ոգիով անձ մը, որ սուրբին նման, իր ժողովուրդին ու նաեւ օտարներուն մէջ հրաշալի ստեղծագործութիւններով ու երաժշտական քաղցրաճաշակ եղանակներով՝ ազգանուէր ու աստուածահաճոյ գործեր կը կատարէ։ Տիգրան Մանսուրեանի համեստութեան եւ հեզութեան մասին իր անձնական տպաւորութիւնները յայտնելէ ետք, առաջնորդը Ս. Ստեփանոսին համար գրուած «Յորովայնէ ընտրեալ Ս. Ստեփանոս» ժամամուտի բառերը նշեց եւ շեշտեց, թէ Մանսուրեան եւս աստուածային նախախնամութեամբ որովայնէ ընտրուած մշակ մըն է, որովհետեւ իրեն նման ընտրեալ մարդիկ միայն կրնան այսպիսի շնորհք ունենալ եւ երաժշտահան ըլլալ։ Ապա առողջութեան ու արեւշատութեան ջերմ մաղթանքներ ըրաւ ու Աստուծոյ շնորհքը հայցելով՝ օրհնեց զինք ու իր ամբողջ ընտանիքը։
Ապա սրբազան հայրը յայտնեց, թէ իր ու Ազգային վարչութեան խնդրանքին ընդառաջելով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. կաթողիկոս մեծարեալին շնորհած է Գնահատանքի ու շնորհաւորանքի սրբատառ կոնդակ, որով կաթողիկոսը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով կը պարգեւատրէ Տիգրան Մանսուրեանը։ Սրբատառ կոնդակի ընթերցման աւարտին, սրբազանը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Տիգրան Մանսուրեան հայրենի տիտանը, երաժշտագէտն ու երգահանը։
Յուզմունքի ու երախտագիտական խօսքերով, մեծարեալ Տիգրան Մանսուրեանը շնորհակալութեան խօսքեր փոխանցեց վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազանին, Վաչէ Պարսումեանին, Թագուհի Արզումանեանին եւ հանդիսավար դոկտ. Տիգրան Պապիկեանին։ Իրեն վերագրուած համեստութեան եւ խոնարհութեան մասին ակնարկելով՝ ան ըսաւ. «Եթէ համեստ եմ, ինչո՞ւ իմ անձիս թոյլ տուած եմ զբաղելու գործով մը, որոնցմով զբաղած են Կոմիտաս վարդապետ եւ Պեթհովըն։ Բայց նաեւ եթէ այս մարդիկը զբաղած են այս գործով, ուրեմն՝ անշո՛ւշտ պէտք է համեստ ըլլամ»։
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանի»չով, որմէ ետք ներկաները առիթ ունեցան վաստակաշատ մեծարեալին հետ հանդիպելու եւ շնորհաւորանքներ փոխանցելու։
Մշակութային դաստիարակչական յանձնախումբը ներկաներուն համար պատրաստած էր հիւրասիրութեան սեղան մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.