ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգները ներկայացնող ճատրակի «Պատանի Աստղերը» խումբը, գլխաւորութեամբ գերվարպետ Սամուէլ Սեւեանի, Թեքսասի Ռիչըրտսըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքի մը ընթացքին, 26.5-23.5 արդիւնքով պարտութեան մատնած է Տալասի համալսարանի հաւաքականը, որուն հինգ անդամներէն չորսը գերվարպետներ են:
14ամեայ Սեւեան ապահոված է մրցաշարքի լաւագոյն արդիւնքը՝ հաւանական 10 կէտերէն 6.5 կէտ շահելով. այս մասին կը փոխանցէ «Armchess» կայքը:
=