
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած գինեձօնը՝ Նուէր Տատուրեանի բանաստեղծութեանց «Ալեկոծ» հատորին, տեղի ունենացաւ Ուրբաթ, 13 Մարտ 2015ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ։
Հանդիսավար Աստղիկ Խանճեան վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց հանդիսատեսներուն եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հեղինակի կենսագրական գիծերուն։
Նուէր Սիլահլը-Տատուրեան ծնած է Պոլիս, ուսած տեղւոյն «Տատեան» եւ «Սահակեան-Նունեան» վարժարաններուն մէջ, ապա վկայուած որպէս ճարտարապետ՝ Պոլսոյ «Եըլտըզ Թեքնիք» համալսարանէն։ Ան գրելու սկսած է նախակրթարանի տարիներէն, եւ իր առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակուած է 1982ին, Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» օրաթերթին մէջ։ Ան սիրած է նաեւ նկարչութիւնը, եւ իր ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են անհատական ու հաւաքական ցուցահանդէսներու մէջ։ Ամուսնացած է Նորայր Տատուրեանի հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով։ Անոնք այժմ կ՛ապրին Փասատինա։
Խանճեան հրաւիրեց գաղութիս ծանօթ մտաւորական, «The Armenian Observer» շաբաթաթերթի խմբագիր-հրատարակիչ եւ Կլենտէյլ համայնքային քոլեճի խորհրդատու փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը։ Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Նուէր Տատուրեանի բանաստեղծութիւնները՝ թիւով 83, որոնք խտացուած էին 94 էջերու մէջ եւ գրուած 1990-97 թուականներուն։
Օշին Քէշիշեան մեծ հիացմունքով յիշեց, որ գիրքի նախաբանը գրած էր պոլսահայ ժամանակակից բանաստեղծներէն Զարեհ Խրախունին, որուն բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են 20 լեզուներու։ Փրոֆ. Քէշիշեան նկարագրեց Նուէրի բանաստեղծութիւնները՝ ըսելով, որ անոնք կարճ եւ իմաստալից են ու կ՛արծարծեն մարդասիրական առօրեայ երեւոյթներ, ներկայացուած անձնական շեշտով։ Ան ապա դիտել տուաւ, թէ իբրեւ նկարիչ, Նուէր Տատուրեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ կը նշմարուի արուեստի հուրը։ Իսկ բանաստեղծութիւնները կարդացողը պիտի ճաշակէ նոր ոճ, նոր մօտեցում, հռետորական ակնարկներ, բարոյախօսութիւն եւ պարզ ու ազատ տաղաչափութիւն։
Փրոֆ. Քէշիշեան եզրափակեց իր խօսքը՝ նշելով, թէ դժբախտաբար բանաստեղծութիւն գրող քիչ է ներկայիս։ Ապա սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկրեան։ Ան դիտել տուաւ, որ բանաստեղծութիւն պէտք է կարդալ, որովհետեւ գրական այդ ժանրը լեզուական ճկունութիւն կը սորվեցնէ, իսկ Նուէր Տատուրեանի բանաստեղծութիւնները լեցուն են բառախաղերով։ Ապացուցանելու համար իր ըսածը, տնօրէնը մէջբերում մը կատարեց «Անկում» բանաստեղծութենէն։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան նախ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան վարժարանի եւ ապա ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի աշակերտները։ Անոնք ապրումով արտասանեցին զանազան բանաստեղծութիւններ՝ «Ալեկոծ» հատորէն, մեծապէս տպաւորելով բոլոր հանդիսատեսները։
Հուսկ, Աստղիկ Խանճեան հրաւիրեց բանաստեղծուհի Նուէր Տատուրեանը, որ արտայայտէ իր զգացումները։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրի բոլոր մասնակցողներուն եւ հանդիսատեսներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուած էին զինք։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնը, որմէ ետք հանդիսատեսները հրաւիրուեցան մասնակցելու պատշաճ հիւրասիրութեան։