Արմին Վեկնըր (1886-1978), որ Ցեղասպանութեան լուսանկարները առած էր, երբ կը ծառայէր գերմանական բանակին մէջ, Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներուն միջեւ ինկող տարիներուն, հայերու եւ հրեաներու իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով պայքար մղած էր եւ այդ պատճառով ալ բանտարկուած։
«Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Ողջակիզումը։ Անձ մը կեցուածք մը կ՛որդեգրէ» խորագիրը կրող լուսանկարներու այս ցուցահանդէսը կ՛իրականանայ Միացեալ Նահանգներու Արմին Թի. Վեկնըրի անուան հիմնարկին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հիւսթընի Ողջակիզման թանգարանին համատեղ ջանքերով, եւ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.