ԵՐԵՒԱՆ.– Ապրիլ 24ին դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձունք մարդկային հոսքը կարելի պիտի ըլլայ միայն օրուան երկրորդ կիսուն, յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող խորհուրդի քարտուղար, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան՝ «NewsBook»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ առանց յստակ ժամ ճշդելու։
Անոր համաձայն՝ այդ օրը արտասահմանէն եկած պաշտօնական պատուիրակութիւններու անվտանգութեան ապահովման նկատառումներով արտակարգ միջոցառումներու պիտի դիմուի, այս պատճառով ալ Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յարգելու եկած քաղաքացիները յուշահամալիր պիտի կարենան բարձրանալ օրուան երկրորդ կիսուն: «Յուշահամալիրի մօտ բեմ է տեղադրուելու, տարբեր երկրների ղեկավարների ներկայութեամբ 1 ժամ տեւողութեամբ միջոցառում է անցկացուելու, ինչից յետոյ էլ մարդկանց հնարաւորութիւն է ընձեռուելու շարժուել Ծիծեռնակաբերդի բարձունք», դիտել տուած է Հայկ Դեմոյեան:
Ան դժուարութիւն ունեցած է նշելու, թէ արդեօք լրագրողներուն պիտի արտօնուի՞ ներկայ գտնուիլ արտասահմանեան պատուիրակութիւններու Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան եւ պաշտօնական ձեռնարկին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.