ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 30 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան դիտել տուած է, որ Լոս Անճելըսի «Skirball» հրէական մշակութային կեդրոնին մէջ 8-10 Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէս:
Այլ ցուցահանդէս մըն ալ տեղի պիտի ունենայ մեծագոյն թանգարաններէն մէկուն՝ «Museo Memoria y Tolerancia»ի մէջ: Երկու ցուցահանդէսներուն ընթացքին ալ պիտի ներկայացուին թանգարանին կողմէ տրամադրուած նիւթեր։
«Մօտ ժամանակներս նման ցուցահանդէսներ կը կայանան նաեւ Նիւ Եորքում եւ Վաշինգտօնում։ Մենք շատ ուրախ ենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման շարունակում է յուզել Ամերիկա մայրցամաքի հանրութեանը: Այդ պատճառով հնարաւորինս կ՛աջակցենք այդ ցուցահանդէսներին», յայտնած է Դեմոյեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.