Ն. ՏԷՐԵԱՆ
Հայաստանի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ մանուկներու Հայ Ամերիկեան յանձնախումբը, ամէն տարուան պէս, գեղեցիկ միտքը յղացած էր հիւրընկալելու եւ գնահատելու այն բոլոր հայրենակիցները, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական օգնութիւններով սատարած էին վերոյիշեալ կազմակերպութեան, Մայր հայրենիքի մէջ վերանորոգելու զանազան գիւղերու եւ աւաններու մէջ մանկատուներ ու դպրոցներ, որոնք անմխիթար եւ ծանր կացութեան մատնուած էին։
Հոս պատշաճ է նշել, որ վերոյիշեալ մարմինը ցարդ հիմնականօրէն նորոգած է Խարբերդի, Սպիտակի, Պառաւաքարի եւ Դալարի կիսաւեր ութ մանկատուները, կառուցած է պատկառելի մարզադաշտ Սպիտակի մէջ, խումբ մը դպրոցականներու նուիրած է համացանցի սարքաւորումներ, իսկ Երեւանի կոյրերու դպրոցը օժտած է յատուկ, ուռուցիկ համակարգիչներով։ Իր հիմնադրութեան օրէն (շուրջ 15 տարի առաջ), Ս. Ծննդեան տօներու առթիւ, Երեւանի եւ շրջակայքի ու սահմանամերձ գիւղերու աւելի քան 200,000 մանուկներուն բաժնած է նուէրներ եւ քաղցրեղէնի կապոցներ՝ Կաղանդ պապաներու միջոցով։
Յարգանքի եւ մեծարանքի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Մարտ 20ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի յայտնի «Րաֆֆի՛զ Փլէյս» շքեղ դահլիճին մէջ։ Երեկոյին, բարերարներու շարքին, հրաւիրուած էին նաեւ պետական եւ քաղաքային բարձրաստիճան անձինք, որոնց կարգին Լոս Անճելըսի նախկին ոստիկանապետ Լի Պաքա, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, լրագրողներ, թերթերու խմբագիրներ, հեռուստակայաններու տնօրէններ եւ թղթակիցներ։
Բարեգործական հաստատութեան հիմնադիր-տնօրէն Յովհաննէս Բալայեան ողջոյնի, գնահատանքի եւ շնորհակալական խօսքերէն ետք յայտնեց, որ ծրագրուած է Գիւմրիի մէջ 2015ին հիմնականօրէն նորոգել դպրոցներէն մին եւ զայն կոչել նոյն քաղաքին մէջ տմարդօրէն սպաննուած Աւետիսեան ընտանիքի եօթը անմեղ անդամներու անուամբ։ Սոյն յայտարարութիւնը ընդունուեցաւ բուռն ծափերով։ Ապա, հերթաբար խօսք առին Հայ Ամերիկեան յանձնախումբի կարկառուն անդամներէն Յովիկ Գարիկեան, Թոմիկ Ալեքսանեան, Ալֆրետ Նազարեան, Նունէ Աւետիսեան, Ստեփան Յովակիմեան, Սագօ Թօփալեան եւ ուրիշներ։
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ պատուոյ գիրեր յանձնուեցան բարեգործական մարմինի կարգ մը անդամներուն, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ուիվըրի միջոցով։
Ծնողազուրկ մանուկներու մարմինը գնահատագիրներ յանձնեց բարերար ազգայիններու եւ կարգ մը հասարակական գործիչներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու։ «Րաֆֆի՛զ Փլէյս» ճաշարանի տնօրէն՝ տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Գոհար Բէգիջանեանները գերազանց սպասարկութեամբ պատուեցին շուրջ 150 հիւրերը։ Յովհաննէս Բալայեան մեծապէս գնահատեց «Րաֆֆի՛զ Փլէյս»ի ղեկավարութիւնը, որ միշտ սատար եղած է Հայաստանի կարիքաւոր մանուկներու հիմնադրամին։
Հանդիսութեան աւարտին, Հայաստանի «Թամարա պաղպաղակ»ի ներկայացուցիչները՝ տէր եւ տիկին Մարութեանները, բոլոր ներկաներուն հրամցուցին հայրենի անոյշ պաղպաղակը։
Գնահատանքի երեկոն վերջ գտաւ ժամը 11ին։