ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 6 Ապրիլին աշխատանքային Երկուշաբթի օրը պիտի տեղափոխուի 11 Ապրիլին՝ Շաբաթ օր: Նման որոշում տուած է կառավարութիւնը իր 2 Ապրիլի նիստին: Նշենք, որ 5 Ապրիլին Սուրբ Զատիկ է, իսկ յաջորդ օրը՝ Երկուշաբթի օրը մեռելոց է:
Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան նշած է, որ այս առնչութեամբ հասարակութեան մէջ կան տարբեր կարծիքներ, ոմանք կ՛աջակցին այդ որոշման, սակայն կան նաեւ մարդիկ, որոնց համաձայն, տնտեսական զարգացման ներկայ պայմաններուն մէջ այս մէկը կը վտանգէ տնտեսական վիճակը: Նման որոշման դէմ են յատկապէս մեծ ձեռնարկատիրութիւնները, որոնց աշխատանքը կապ ունի այլ երկիրներու հետ։
Ըստ Դաւիթ Յարութիւնեանի՝ այս հարցը շատ աւելի լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտի, ուստի վարչապետը յանձնարարած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ համադրաբար ուսումնասիրութիւն կատարել, որպէսզի տրուած որոշումը հիմնաւորուած ըլլայ։
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան աւելցուցած է նաեւ, որ քանի որ ԵՏՄ երկիրներուն մէջ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը ոչ աշխատանքային են, ապա Հայաստանի մէջ Երկուշաբթին ոչ աշխատանքային դարձնելն ու Շաբաթ օրով փոխարինելը, արդիւնաւէտութեան առումով դրական չ՛ըլլար: Ան նշած է, որ իրենք եւս յայտնած են այն մտահոգութիւնը, թէ այս տնտեսական լարուածութեան պայմաններուն մէջ ասիկա կրնայ վտանգել աշխատանքը:
Կառավարութիւնը խօսք տուած է նաեւ Արշակ սրբազանին: Յիշեցնելով, որ կան հինգ տաղաւար տօներ՝ ան անդրադարձած է 2008 թուականին ընդունուած կառավարութեան որոշման, ըստ որուն՝ «տաղաւար տօներին յաջորդ աշխատանքային օրերը վերաբաշխուել են, եւ մարդկանց հնարաւորութիւն է տրուել մեռելոց օրերին այցելել գերեզմաններ»: Սրբազանը ըսած է, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակները կը կազմեն երկրի բնակչութեան 96 տոկոսը, եւ կոչ ուղղած է այդ մարդոց կարելիութիւն տալու՝ մեռելոցներուն այցելելու գերեզմանատուն: «Ես նախագիծ չեմ ներկայացրել, բայց կոչ եմ անում այն ընդունել», աւելցուցած է ան։
Վարչապետը նշած է, որ թէեւ քննարկումներ պիտի ըլլան, սակայն չի կարծեր, թէ պաշտօնեաներէն ոեւէ մէկը աշխատաւորներուն արգելք պիտի ըլլայ գերեզման այցելելու։ «Ես առաջարկում եմ՝ աշխատենք, փորձենք քննարկումներ անել՝ ընդգրկելով հասարակութեանը: Կառավարութիւնը խնդիր չունի», դիտել տուած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.