ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 2 Ապրիլին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծրագիրներու ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյց կազմակերպած են։
Ցոյցին մասնակիցները «Հայոց պատմութիւնը ծախու չէ», «Թուրքիան պէտք է ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութիւնը» եւ նմանատիպ գրութեամբ պաստառներով ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ուղղուած են դէպի Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատուն:
Դաշնակցական երիտասարդները կ՛ուզէին իրենց պահանջագիրը յանձնել դեսպանին, բայց քանի որ դեսպանը դուրս չէ եկած դեսպանատան շէնքէն, անոնք գետինը նստած են՝ վանկարկելով վերը նշուած կարգախօսները:
Դաշնակցական երիտասարդները Բրիտանիոյ դեսպանատան հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատուին յանձնած են պահանջագիրը, որուն բովանդակութիւնը կարելի է ընթերցել այցելելով http://www.yerkir.am/am/news/82985.htm կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.