«ԹՈՒՄՕ» կեդրոնի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ «System of a Down» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանի գլխաւորութեամբ կայացող հանդիպման ժամանակ տեղի պիտի ունենան քննարկումներ հայկական երաժշտութեան ինքնութեան եւ տարբեր մօտեցումներու մասին: Երաժիշտները պիտի ներկայացնեն հայկական յատկանշական կատարումներ, որոնց պիտի յաջորդեն հարց ու պատասխան եւ քննարկումներ:
Երաժշտական հանդիպման զուգահեռ պիտի ընթանայ նաեւ HIVE ճարտարագիտութեան առաջնորդներու համաժողովը: Յովնանեան հիմնադրամին հովանաւորութիւնը կրող ժողովին ներկայ պիտի ըլլան հեղինակաւոր բանախօսներ, ինչպէս՝ «ԹՈՒՄՕ»ի խորհուրդի անդամ, «Թուիթըր»ի նախկին փոխտնօրէն Րաֆֆի Գրիգորեան, Reddit ընկերութեան հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Ալեքսիս Օհանեան, եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի այլ նշանաւոր մասնագէտներ։
Նախաձեռնութիւնը պիտի միաւորէ ճարտարագէտներ եւ ծրագրաւորողներ՝ միտում ունենալով քննարկումներու, դասախօսութիւններու եւ անձնական հանդիպումներու միջոցով կատարել փորձառութեան փոխանակում ոլորտի առաջնորդներուն եւ տեղացի մասնագէտներուն միջեւ:
Երկու համաժողովներուն մասնակիցները կարելիութիւն պիտի ունենան դադարներուն կապ հաստատելու իրարու հետ՝ խթանելով «ԹՈՒՄՕ»ի գաղափարներէն մէկը՝ արուեստի եւ արհեստագիտութեան հատումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.