«Հայաստան. Մոռցուած Ցեղասպանութիւն» վերնագիրով յօդուածը, որուն հեղինակն է ֆրանսահայ պատմաբան Միքայէլ Նշանեան, մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան օրերուն տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան ժամանակագրութիւնը, ինչպէս նաեւ համիտեան ջարդերը եւ Ցեղասպանութեան հիմք հանդիսացած թուրք ազգայնական գաղափարախօսութեան յառաջացումը:
Յօդուածին «Մէկդարեայ Ժխտողականութիւն» բաժինին մէջ առանձին անդրադարձ կը կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած եւ շարունակուող թրքական իշխանութիւններու ուրացման քաղաքականութեան, իբրեւ անոր ցայտուն օրինակ նշելով Կալիփոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակի տօնակատարութեան օրուան փոփոխութիւնը, որ սակայն, ըստ հեղինակին, հակառակ թուրք ղեկավարութեան ակնկալիքներուն, արդիւնք չէ տուած միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու գծով:
Ամսագիրի էջերուն մէջ զուգահեռաբար ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող եւ Ֆրանսայի մէջ վերջին ամիսներուն հրատարակուած բազմաթիւ աշխատութիւնները եւ Ապրիլին կայանալիք ցուցադրութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Galipoli Turkish victory and loser nations victims memory transferred from March to 24 April represents
celebration of Armenian Genocide Act same date mourned since 100 years denied by Turkey and as
supreme insult to their memory. Sardarabad May 1920 victory against same Galipoli Turkish army division
must be celebrated with victim nation leaders as revenge done by their forgotten/betrayed 7th ally in May
28 Armenian independence day Rebirth from Ashes and as requiem – for their victims- on
Sardarabad Memorial site invitation extends to Turkey as well…..