Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հարիւրամեակի ոգեկոչման Պատմամշակութային յանձնախումբին կողմէ, նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, նիւթ ունենալով Հայոց պատմութեան վերջին 100 տարիները, ներկայացուած՝ երգով, պարով, ասմունքով, տեսաերիզներով, նուագով եւ ընթերցումներով:
Բացման խօսքէն ետք, ներկայացուեցաւ փոքր տեսանիւթ Մոնկոլ-թաթարական արշաւանքներուն մասին՝ տալով ենթահողը Օսմանեան կայսրութեան հիմնումին եւ Բիւզանդական կայսրութեան քանդումին: Յաջորդաբար կատարուեցան պատմական ներկայացումներ համապատասխան պաստառի վրայ սփռուած տեսանիւթերով Երիտասարդ թուրքերու, Հայ ազատագրական պայքարի, Եղեռնի, Հայ Դատի միջազգայնացման, Սարդարապատի, Առաջին Հանրապետութեան հիմնումին, Սովետական շրջանին, Ղարաբաղեան պայքարին, Հայաստանի անկախութեան եւ Երրորդ Հանրապետութեան ստեղծման եւ Սփիւռքի ու հայրենիքի զարգացման ու գօտեպնդման մասին: Այս ընթերցումները կատարեցին տարբեր սերունդներ ներկայացնող անհատներ՝ Սարգիս Մանուկեան, Անի Տէր Արթինեան, Գէորգ Պօղոսեան, Նաթաշա Ասլանեան, Վարանդ Ճամպազեան, Սարին Զէյթունեան, Թամար Անգեշեան, Անդօ Լեփեճեան: Պարբերաբար ելոյթ ունեցան Սիտնիի մէջ գործող հայկական պարախումբերը, «Նոր Սերունդ» պարախումբը, Համազգային «Նայիրի» պարախումբը, պարուսոյց՝ Ասատուր Հաճեան, Համազգայինի Սիտնիի պարի անսամպլը, պարուսոյցներ՝ Անգինէ Կարապետեան եւ Կիկօ Կիրակոսեան։
Ձեռնարկին մասնակից դարձան միջազգային ճանաչում ունեցող օփերայի սոփրանօ Նաթալի Արոյեան (Տլէ Եաման եւ Vissi d՛Arte-Puccini), տաղանդաւոր դաշնակահար Քրիս Նազարեանի ընկերակցութեամբ: Երգչուհի Այտա Աւետիսեան մեներգեց «Կիլիկիա»ն՝ մենապարի ընկերակցութեամբ խոստմնալից պատանի պալըրինա Մարի Հաճեանի: Դաշնակի ընկերակցութեամբ դաշնակահարուհի Զելա Մարկոսեանի՝ ժողովրդային երգչուհի Լիլիան Օհաննէսեան երգեց Կոմիտասի «Քելէ Քելէ»ն: Ասմունքողներ Ազնիւ Ինկիլիզեան եւ Սարգիս Մանուկեան, որոնցմէ առաջինը՝ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» իսկ երկրորդը՝ Ահարոնեանի «Յարգանք Քեզ»ը փոխասացութեամբ արտասանեցին ասմունքող Նորա Սեւակեանի հետ միասին: Մանուկ Կոտոյեան կատարեց Պարոյր Սեւակի «Գարուն Ա Ձուն Ա Արել»ի մեկնաբանութիւնը:
Կազմակերպիչները աչքէ թող չէին տուած մեր հոգեւոր երգերը։
Ապա, նուագախումբերը ներկայացուցին հայկական դասական երաժշտութիւն։
Նախքան առաջնորդի փակման խօսքը, բեմ ելաւ Համազգային Գոլստըն Ճեմարանի, Թարգմանչաց եւ Թումանեան միօրեայ վարժարաններու, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ Ալեքսանտր ամէնօրեայ եւ Ալէք Մանուկեան միօրեայ վարժարաններու միացեալ երգչախումբը՝ թիւով աւելի քան 120, իբր խորհրդանիշ միասնականութեան եւ ապրող հայ նոր սերունդի :
Ղեկավարութեամբ Փերրի Մինասեանի, փոքրիկները երգեցին «Հզօր Հայաստան» եւ «10 Միլիոն Հայ» խմբերգները։
Թեմի առաջնորդը իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ապրիլ 23ին տեղի ունենալիք 1.5 միլիոն նահատակներու սրբադասման եւ ըսաւ. «Բազմաթիւ հայ կղերականներ՝ առաքելական, կաթողիկէ թէ աւետարանական, զոհ գացին իրենց հաւատքին համար: Այս տարի կեանքի տարի է. օտար ափերու վրայ կը պարենք «Սասնայ Պարը», օրը պիտի գայ, երբ Սասունի մէջ պիտի պարենք այդ պարը: Ճիշդ է որ մեր հողը կորսնցուցած ենք բայց մենք հաւատք ունինք, զայն պայքարի պիտի վերածենք, որովհետեւ մեզի համար պատերազմը չէ վերջացած: Իւրաքանչիւր ընտանիք մէկական ամրոց է: Եթէ իւրաքանչիւր ընտանիք լեզուն, կրօնն ու մշակոյթը պահպանէ, այն ատեն է որ պատերազմը կը շահինք եւ կրնանք գոյատեւել»:
Երեք ժամ տեւած սոյն հանդիսութիւնը փակուեցաւ առաջնորդի աղօթքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.