ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Քալիֆորնիոյ խորհրադարանի անդամ Ատրին Նազարեան Փետրուար 20ին, «Արարատ տուն» այցելած է, դիմաւորուելով հոգաբարձութեան անդամներուն եւ պաշտօնէութեան կողմէ։ Ան այցելած է հաստատութեան տարբեր բաժինները, մօտէն ծանօթանալով անոնց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներուն։
Ապա Նազարեանի ի պատիւ տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին հոգաբարձութեան ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեան շնորհակալութիւն յատնած է անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ յուշանուէրներ յանձնած է անոր։
Իր կարգին, Նազարեան դրուատած է հաստատութեան տարած աշխատանքը՝ յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.