Թրքական «Սոլհապեր» կայքին համաձայն՝ Թուրքիոյ մաքսային գլխաւոր վարչութեան տնօրէն Մեհմետ Հատիփօղլուի ստորագրութեամբ՝ Թուրքիոյ բոլոր անցակէտերուն յղուած՝ «Armenian project 2015» (հայկական ծրագիր) անուան տակ փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Ապրիլ 22էն 26ի միջեւ Պոլսոյ մէջ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններ «1915ի կոտորածներու» հետ կապուած եւ «հայկական տեսանկիւնը պաշտպանող» շարք մը միջոցառումներ պիտի իրականացնեն եւ այդ պատճառով անցակէտերու պատասխանատուներուն կոչ կ՛ըլլայ յիշեալ ժամանակահատուածին կանխարգելիչ միջոցառումներ իրականացնել՝ սահմանակէտերուն վրայ հսկողութիւնը խստացնելու եւ բռնութիւնները կանխարգիլելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.