ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրով պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Ռուսիոյ՝ 7-8 Ապրիլին։
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները պիտի քննարկեն հայ-ռուսական դաշնակցային փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, միտքեր պիտի փոխանակեն տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգային հարցերուն վերաբերեալ։
Մոսկուա այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հանդիպումը Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.