
Հոլանտայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական միութեան անդամները եւս ցոյց կազմակերպած են Հոլանտայի մէջ գտնուող Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ:
yerkir.am-ի փոխանցումով՝ ինչպէս Հայաստանի, Լիբանանի, Յունաստանի, Քանատայի եւ այլ երկիրներու Դաշնակցական երիտասարդական միութիւնները, Հոլանտայի երիտասարդական միութեան անդամները Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ պաստառներ պարզած են, այնուհետեւ դեսպանատան աշխատակիցին յանձնած են Հայկական Ցեղասպանութեան պահանջագիրը: